Միւս կողմէ, Զաֆէր Ֆիլիզ, որ Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք «Ակօս»ի խմբագրութեան սպառնալիքի ու նախատինքի նամակ մը ղրկած էր, Շիշլիի դատարանին կողմէ երեք տարի բանտարկութեան դատապարտուեցաւ։ Պատիժին երկու տարին մահուան սպառնալիքի համար է, իսկ մէկ տարին՝ նախատինքի։ Դատարանը յանգեցաւ այն համոզումին, թէ ենթական քաջալերուած էր «վախազդու կարգ մը մութ ուժերէ»։