Հայ անհատը այսօր, Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ, խոր տագնապով ու ընդվզումով կը շարունակէ հետեւիլ հայրենիքի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն։ Կայ տպաւորութիւն ու խոր մտահոգութիւն, որ համազգային ճիգերով ու ներդրումով տասնեօթը տարուան ընթացքին արձանագրուած բազմամակարդակ նուաճումներն ու իրագործումները, հայրենի պետականութեան ու ժողովրդավարութեան կայացման գործընթացը, քաղաքական հարուստ ու արդիական մշակոյթի ձեւաւորումը, Արցախի ազատագրումը ու անոր անկախութիւնն ու պետականութիւնը ամրագրելու նուիրական աշխատանքը, աւելի՛ն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացն ու անոր իրաւական դաշտի յստակացումը թիրախ դարձած են անկանխատեսելի վտանգներու։
Դէպքերուն հետեւող անհատը պիտի վկայէ սակայն, որ հայ քաղաքական միտքը, տակաւին շատ կանուխ, բազմիցս հնչեցուց այս ահազանգը եւ նախազգուշացուց բոլորը, որպէսզի չարիքը չբախէ մեր բոլորի հարազատ տան դռները։ Նախընտրական շրջանին Հ.Յ.Դ. թեկնածուի այս իմաստով դրսեւորած մտահոգութիւնները, Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչի հրապարակայնօրէն կատարած կանխատեսումներն ու անոնց առաջքը նախօրօք առնելու դիմումներն ու կոչերը՝ բեւեռացումը մեղմելու եւ հայրենիքը արկածախնդրութենէ հեռու պահելու, չգտան համապատասխան արձագանգ ու պատահեցաւ այն, ինչ որ նոր ամօթ մը արձանագրեց հայոց պատմութեան էջերուն վրայ, դժբախտաբա՛ր։
Այս բոլորին մէջ նաեւ անտես պէտք չէ ընել դաշնակցական շարքային անհատի ընդվզումն ու տագնապը։ Այո՛, Հ.Յ.Դ. թիրախ դարձաւ անարդարութեան՝ բառին բովանդակ իմաստով։ Հայաստանի նախագահական ընտրութեան Դաշնակցութեան ստացած քուէներու համեմատութիւնը ոչ մէկ ձեւով կրնայ իրապաշտ նկատուիլ նոյնիսկ հակադաշնակցական կողմերու համար։ Ճիշդ է, պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ, սակայն դաշնակցական անհատը այդ կացութեան դիմաց նոր հաւատաքննութենէ մը անցնելու կարիքը չի զգար երբե՛ք։ Դաշնակցութիւնը անցնող ճակատագրական օրերուն ոչ մէկ ատեն զբաղեցաւ այդ անարդարութեան վերլուծումով ու այդ մասին բողոքելով ու շարժելով, ինչ որ բնական ձեւով կրնար ընել։
Ընտրութեան յաջորդ օրն իսկ, ի տես ստեղծուած ծանր կացութեան, Դաշնակցութիւնը այդ թղթածրարը նկատեց երկրորդական. եւ ուրիշ բան կարելի չէր ակնկալել աւելի քան 117ամեայ կենսափորձ նուաճած կուսակցութենէն։ Նորանկախ հայրենիքը կը գտնուի վտանգի դիմաց։ Առաջնահերթն ու առաջնայինը հայրենիքի կայունութեան ու ապահովութեան երաշխիքներու ստեղծման աշխատանքն է։ Հիմնականը՝ մարտահրաւէրներուն դիմաց համազգային ու համահայկական ուժի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնն է։ Այս մեծ գործին դիմաց մնացեալ բոլոր խնդիրներն ու մտահոգութիւնները, նաե՛ւ իրաւազրկումները կը դառնան երկրորդական։
Այս վկայած է Դաշնակցութեան պատմութիւնը. երբ նժարի վրայ դրուած է հայ մարդու ու հայ տան ապահովութիւնն ու անվտանգութիւնը, եւ բոլոր ժամանակներուն ու պայմաններուն մէջ դաշնակցական զիջումը, դաշնակցական ողջախոհ մօտեցումը եղած են գերակշռող: Այս մէկը կերտած է նաեւ դաշնակցական իւրայատուկ նկարագիր։ Այստեղ թերեւս կ՚արժէ փոքր յիշեցում մը կատարել մօտիկ անցեալէն, այն ժամանակաշրջանէն, որուն մասին հայ պատմիչը տակաւին առիթ չէ ունեցած լուրջ գնահատական տալու, բայց այդ մէկը տեղի կ՚ունենայ ուշ կամ կանուխ։ Ո՞վ չի յիշեր Դաշնակցութեան 1992ի Ընդհանուր ժողովի խափանման աքթը հայրենի հարազատ հողին վրայ եւ վերանկախացած հայրենիքին մէջ Դաշնակցութեան դէմ ծաւալած պետական արշաւը։ Օրին Դաշնակցութիւնը կրնար չենթարկուիլ այդ բիրտ որոշումին ու ի գին ամէն ինչի որոշէր այլ բան։ Մեր սերունդը տակաւին չէ մոռցած այդ հանգրուանի Բիւրոյի ներկայացուցիչ, հայ կեանքին մէջ 30 տարիներ իր անջնջելի կնիքը դրոշմած Հրայր Մարուխեանի արտաքսումը իր պաշտած հայրենիքէն։ Կարելի չէ մոռնալ նաեւ այն երեւոյթը, որ օրուան իշխանութիւնները ինչպիսի՛ հեգնանքով դրսեւորեցին այս որոշումը եւ ցուցադրեցին մեծ հայուն հայրենի իր հարազատ տունէն դուրս գալու տեսարանը։ Հայրենիքը ամէն բանէ վեր դասելու ու հայրենի հողին վրայ հայու արեան նոյնիսկ մէկ կաթիլ չհոսեցնելու դաշնակցական հաստատակամ որոշումը նժարի վրայ չէ դրուած, երբե՛ք. ու այդպիսի դրսեւորում գտաւ նաեւ այդ հանգրուանին։ Ժողովուրդէն ծնած ու այդ ժողովուրդի իղձերն ու տագնապները իրը դարձուցած կուսակցութեան համար, արտաքսումները, հալածանքները, բանտային կապանքները դարձած են մեկնակէտ յաւելեալ ուժի ու հեղինակութեան ձեռքբերման։
Այո՛, այս բոլորը ու տակաւին այլ երեւոյթներ պէտք է վերծանել մօտիկ անցեալէն ու դնել մեր մտապաստառին վրայ եւ յետոյ կարդալ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի յայտարարութիւնը ու յատկապէս կրկին անգամ կարդալ հետեւեալ տողերը՝
«Այս պայմաններում հանգուցալուծման միակ ճանապարհը հատուածական-կուսակցական շահի անվերապահ ստորադասումն է յանուն հայրենիքի եւ հայութեան առջեւ կանգնած ազգային-պետական նպատակների իրագործման։ Լաւագոյն լուծումը կարող է լինել բոլոր ուժերի ընդգրկումով ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ձեւաւորումը»:
Դաշնակցութիւնը պատրաստակամութիւն կը յայտնէ մասնակցելու համաձայնութեան կառավարութեան: Դժուար ու յանձնառու որոշում, սակայն դաշնակցական որոշում։ Ընդարձակուած է գործադաշտը։ Հայրենիքը, ՄԵՐ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐը մի՛շտ լսած է Դաշնակցութեան վճռակամ ՆԵՐԿԱ՛Ն, ռազմաճակատի վրայ թէ քաղաքական դիւանագիտական մարզերուն մէջ։ Այսօր այդ ներկան անգամ մը եւս կ՚ամրագրուի ի խնդիր ներքին կայունութեան ամրապնդման ու քաղաքական ու իրաւական առողջ համակարգի ձեւաւորման։
Գործի պահն է…