Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահութեան թեկնածու նշանակուելու տոմսը շահելէն անմիջապէս ետք, ծերակուտական Ճան ՄըքՔէյն շտապեց Սպիտակ տուն ու ստացաւ նախագահ Ճորճ Պուշի օրհնութիւնը։ Նախագահը յոյս յայտնեց, որ սպիտակահեր թեկնածուն կ՚ուզէ տեսնել իբրեւ իր յաջորդը։
ՄըքՔէյն յետոյ շտապեց Միջին Արեւելք շրջապտոյտի մը. այցելեց Իրաք, Յորդանան, Իսրայէլ եւայլն։ Հոս հարց պիտի չտանք, թէ ան ի՞նչ ընելու գնաց հոն, սակայն շուտով բացայայտեց, թէ կրնայ դառնալ Պուշի արժանի յաջորդը։
Ի՞նչպէս։
Յորդանանեան հանգրուանին, ՄըքՔէյն ի միջի այլոց սուր քննադատութիւններ ուղղեց Իրանի, յայտարարելով, որ Իրան… «Քայիտա»ի տարրեր կը մարզէ ու Իրաք կը ղրկէ։ Ահա հոս է, որ ան ապացուցեց իր արժանաւորութիւնը, որովհետեւ կ՚երեւի, թէ իր դասը լաւ չէր սորված։ Նախկին դեմոկրատ եւ այժմ իր սերտ գործակիցը դարձած Ճօ Լիպըրման կամացո՜ւկ մը յուշեց ՄրքՔէյնի, որ Իրանի մէջ «Քայիտա» չկայ, կան «ծայրայեղականներ»։ Եւ, ի պատիւ իրեն, ՄըքՔէյն անմիջապէս սրբագրեց ինքզինք (այս կէտին մէջ ան կը գերազանցէ Պուշը), ըսելով, որ «Իրանի մէջ ծայրայեղականներ կան, բայց ոչ «Քայիտա», սորի»…
Պուշ նման կաֆեր ընելու մեծ փորձառութիւն ունի։ Ան անգամ մը ԷՅՓԷՔը (Խաղաղականը եզերող երկիրներու համախմբումը) շփոթեց ՕՓԷՔի հետ, ուրիշ առիթով մը հայերուս փոխարէն ռումանացիները զոհ դարձուց ցեղասպանական արարքներու (Armenian-ը եւ Rumanian-ը ի վերջոյ դժուար զանազանելի բաներ են, երբ դասդ լաւ չես սորված), իսկ ուրիշ անգամ մըն ալ երկիրներու նախագահները իրար անցուց։
Պարզ խօսքով, հիմա ունինք նախագահութեան թեկնածու մը, որ կը յաւակնի ըլլալ Պուշի արժանաւոր յաջորդը, եւ իր արժանիքները կը սկսի ի յայտ բերել դասը լաւ չսորվելով ու… Իրաք եւ Իսրայէլ այցելութիւններով։