Նախկին խմբագրապետերու կողմէ շարք մը սխալ դատողութիւններէ ետք՝ ճիշդ այն ատեն երբ «Լոս Անճելըս Թայմզ» Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բարելաւուած զգայնութիւն մը զարգացուցած էր, նոր խմբագրապետ մը գալով դարձեալ կը վիրաւորէ ամերիկահայերը, եւ այդ ալ՝ ապրիլ ամսուան մէջ։
«Թայմզ»ը 2 Ապրիլին իր կայքէջին վրայ (սակայն բարեբախտաբար ոչ տպագրուած թերթին մէջ) զետեղեց «Թայմզ»ի խմբագրական կազմին հետ թուրք-ամերիկեան ընկերակցութեանց խորհուրդի մասնակի սղագրութիւն մը»։ Մուտքի գրութիւնը կը նշէր, որ «թուրք-ամերիկեան կազմակերպութիւնները միաւորող կազմակերպութեան մը ղեկավարները վերջերս «Թայմզ» հանդիպեցան՝ քննարկելու համար Հայոց ցեղասպանութեան, Թուրքիոյ՝ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան եւ հիւսիսային Իրաքի մէջ քրտական անջատողականութեան ճնշման շուրջ ծաւալած բանավէճը։ Ստորեւ հանդիպումէն կարգ մը կէտեր»։
Սղագրութիւնը կը նշէր, որ մասնակիցներն էին՝ «Թայմզ»ի կայքէջի «տեսակէտ» էջի խմբագիր Ճիմ Քաւանօ, Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութեանց խորհուրդի (ԹԱԸԽ) նախագահ Նիւրթէն Ուրալ, Հարաւային Քալիֆորնիոյ թուրք-ամերիկացիներու ընկերակցութեան Ահմէտ Աթահան եւ ԹԱԸԽ-ի ջատագովութեան ղեկավար Ալիսըն Պլոք։
«Մեծապէս յուսախաբող եւ խռովեցնող է, որ «Թայմզ»ի խմբագրական կազմը իր կեդրոնատեղիին մէջ կ՚ողջունէ խումբ մը ցեղասպանութիւն մերժողներ, մանաւանդ որ օրաթերթը Հայոց ցեղասպանութեան անվիճելի փաստերը ճանչնալու աներկբայելի քաղաքականութիւն մը ունի։ Հարցերը աւելի վատթարացնելով՝ օրաթերթը թրքական մերժողական կեցուածքները զետեղեց իր կայքէջին վրայ՝ այդպիսով զանոնք աշխարհի մէջ տարածելու բեմահարթակ տրամադրելով։ Այս կը նմանի Նոր-նացիականներ «հրէական ողջակիզումին մասին բանավէճը քննարկելու համար» «Թայմզ»ի խմբագրական կազմին հետ հանդիպումի մը հրաւիրել ապա անոնց վերատեսողական յայտարարութիւնները զետեղել օրաթերթին կայքէջին վրայ։
Միակ բացատրութիւնը, զոր կարելի է ներկայացնել՝ սխալ կերպով այսպիսի անպատասխանատու արարքի մը իբրեւ արդարացում ներկայացուի, կրնայ ըլլալ այն, թէ բարձր գումարներ գանձող ամերիկեան հանրային կապերու ընկերութիւն մը կազմակերպած է խմբագրական կազմին հետ այս հանդիպումը։ «Թայմզ»ի հրատարակիչ՝ Տէյվիտ Հիլլըր պէտք է հետաքննէ այս գայթակղեցուցիչ երեւոյթը եւ հայ համայնքէն ներողութիւն խնդրելու կողքին պէտք է բացատրութիւն տայ անոր։
Պրն. Քաւանօ հանդիպումին բացումը կատարեց հետեւեալ հաստատումով. «Լոս Անճելըս Թայմզ»ը ծանօթ է այն ինչ որ 20րդ դարու սկիզբը պատահած է նկարագրելով ցեղասպանութիւն եզրի օգտագործմամբ»։ Պրն. Քաւանօ Հայոց ցեղասպանութեան հանդէպ իր ամբողջական անտարբերութիւնը ցուցադրեց՝ զայն նկարագրելով իբրեւ «այն ինչ որ պատահած է»։ Ողջակիզումը պիտի նկարագրէ՞ր իբրեւ »այն ինչ որ պատահած է հրեաներուն»։ Ապա ան թրքական կազմակերպութենէն խնդրեց Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր կեցուածքը ներկայացնել։
Կրկնելէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան թրքական սովորական աղաւաղումները՝ պրն. Ուրալ հետեւեալ անհեթեթ յայտարարութիւնը ըրաւ. «Լաւագոյն ընկերներուս շարքին են հայեր։ Գաղտնաբար անոնք մեզի կու գան, սակայն բացայայտ կերպով, հրապարակաւ կը մերժեն մեզի այցելել»։
Պրն. Քաւանօ ապա հետեւեալ շատ զարմանալի յայտարարութիւնը կատարեց թրքական խմբակին. «Անոնք (հայերը) կրնան գալ եւ իրենց դատը պաշտպանել»։ Եթէ «Թայմզ»ը ուզէր ամերիկահայ կազմակեպութիւն մը խմբագրական կազմին հետ հանդիպումի մը հրաւիրել, խմբագիրները գիտեն ինչպէս կապ հաստատել համայնքի ղեկավարներուն հետ։ Այս վերջինները պէտք չէ այդպիսի հրաւէրի մը ծանօթանան թուրք մերժողականներու զօրամասի մը հետ հանդիպումի մը սղագրութիւնը կարդալով։
Բայց եւ այնպէս, պրն. Քաւանօ թուեցաւ հայկական հարցերէն լաւատեղեակ ըլլալ, երբ թրքական խմբակին ըսաւ. «Ինչ որ հայկական կազմակերպութիւններէն կը լսէք այն է, թէ երբ բանավէճ կ՚ըսէք անոր կը պատասխանեն »հրէական կազմակերպութիւններէն չենք պահանջեր ներկայանալ եւ գերմանական կազմակերպութիւններու հետ Ողջակիզումին իրողութեան մասին վիճաբանութիւն մը ունենալ, եւ ինչո՞ւ պէտք է ենթարկուինք այդպիսի ինքնարդարացման նման բանի մը»։ Այդ մէկը այս հարցին վերաբերեալ հայկական դիրքորոշման մասին ճշգրիտ նկարագրութիւն մըն է։
Ապա, պրն. Քաւանօ դիմեց ցեղասպանութեան հարցով Սփիւռքը Հայաստանէն բաժնել փորձելու սովորական հնարքին, երբ թուրքերուն ըսաւ. «Քանի մը ամիս առաջ Հայաստանի վաչապետը հիւրընկալեցինք եւ ան ակնարկեց… ամերիկահայերու մասին կը խօսինք չէ՞, որովհետեւ… վարչապետը այն գաղափարը արծարծեց, որ ան հարց մըն է, որ աւելի Սփիւռքի մէջ մարդիկ կը զբաղցնէ, քան ինքնին Հայաստանի մէջ…»։ Իրականութեան մէջ, ըստ 19 Հոկտեմբեր 2007ին վարչապետ Սերժ Սարգսեանի «Լոս Անճելըս Թայմզ» օրաթերթին խմբագրական կազմին հետ հանդիպումի սղագրութեան, երբ անոր հարց տրուած էր «ինչո՞ւ այս հարցը (ցեղասպանութեան) աւելի կարեւոր է ամերիկահայերուն համար քան, թէ հայաստանցիներուն», ան պատասխանած է. «Պիտի չըսէի, թէ ան ամերիկահայերուն համար աւելի կարեւոր է, քան՝ հայաստանցիներուն. կը կարծեմ, որ այս հարցը աշխարհի բոլոր հայերուն համար ալ կարեւոր է, սակայն մեր ժողովուրդին մէկ բաժինին համար աւելի կարեւոր է, որովհետեւ իրենց հետ անմիջական առնչութիւն ունի»։ Պրն. Քաւանօ այդ հանդիպումին ներկայ էր։
ԹԱԸԽի ջատագովութեան նորեկ ղեկավար Ալիսըն Պլոք պրն. Քաւանոյի պատասխանեց՝ ինքզինք հակասելով։ Մինչ համաձայն գտնուեցաւ, որ ցեղասպանութիւնը սփիւռքեան հարց մըն է, ան այն անտրամաբանական հաստատումը կատարեց, թէ եթէ ամերիկահայերու խնդրանքով Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսը Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնայ, Թուրքիա Հայաստանը պիտի պատժէ՝ իր սահմանները փակ պահելով։
Վերջապէս, պր. Քաւանօ հարցուց. «Ինչո՞ւ (ամերիկահայերը ցեղասպանութեան) հարցը կը հետապնդեն»։ Հետաքրքրական կերպով պրն. Ուրալ պատասխանեց՝ «հող, դրամ»։ Պրն. Ուրալը ճիշդ է։ Հայերը իրենց կորուստներուն համար փոխհատուցում կ՚ուզեն։ Ինչո՞ւ հայերը պէտք չէ պահանջեն այն, որ արդարօրէն իրենց կը պատկանի։ Ողջակիզումին հրեայ զոհերու շառաւիղները հարկ եղած կերպով իրենց ահաւոր կորուստներուն համար ստացան միլիառաւոր տոլարներ։ Հայերը եւս ատոր արժանի են։
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»