Թրքական պետական քաղաքականութիւնը մեզ ազգովին արմատախիլ ընելու նպատակը կը հետապնդէր՝ մեր հայրենի հողէն։
Թրքական պետական քաղաքականութիւնը անխտիր մեր բոլորին մեծ հայրերու ու մեծ մայրերու ընտանիքները ոչնչացնել էր, առանց որեւէ խտրութեան, առանց դաւանանքի, առանց կուսակցական կամ գաղափարական ուղղութեան մէջ խտրութիւն դնելու։
Ոճիրը, յանցագործութիւնը կատարուած է բոլորիս դէմ, անխտիր։
Հայրենիքի մէջ թէ այլուր, Ցեղասպանութեան պատշաճ, տպաւորիչ ու ազդեցիկ կերպով ոգեկոչումը բոլորիս խնդիրն է անխտիր։
Այս տրամաբանութենէն մեկնելով է, որ գաղութիս մէջ ամէն տարի փորձ կ’ըլլայ միասնական մարմին մը ստեղծելու, որ կարենայ ի մի բերել համայնքի բոլոր հատուածներու հնարաւորութիւնները, կազմակերպական միջոցները, մարդուժի թէ նիւթական, քաղաքական ազդեցութեան թէ քարոզչական, ոգեկոչական ձեռնարկները իրականացնելու համար ամէնէն բարձր մակարդակով։
Երբեմն յաջողած ենք նման մարմին յառաջացնել եւ արդիւնքը տեսած ենք մեր աչքերով։
Դժբախտաբար, հասկնալի կամ անհասկնալի պատճառներով այս տարի այդպիսի միասնական մարմին մը ստեղծել կարելի չեղաւ եւ նման առաջադրանքով ճամբայ ելած Համագաղութային մարմին անունը կրող յանձնախումբը իր վրայ վերցուց կազմակերպական աշխատանքի բաժինը՝ մնալով համազգային ոգեկոչական ձեռնարկներու համապատասխան, պարտաւորեցնող ուղեցոյցի սահմաններուն մէջ՝ թէ՛ իբրեւ գործադրութիւն, եւ թէ՛ իբրեւ մօտեցում։
Այս մեկնակէտով, այսօր կը դիմենք մեր բոլոր հայրենակիցներուն անխտիր, խրախուսելով մասնակցութիւն բերել գաղութիս մէջ Մեծ Եղեռնը ոգեկոչող բոլոր ձեռնարկներուն, հանդիսութիւններուն, յուշ-երեկոներուն, հոգեհանգստեան արարողութիւններուն, ցոյցերուն, արշաւներուն ու քայլարշաւներուն, անկախ այն իրողութենէն, թէ ովքեր են կազմակերպողները, ինչ կուսակցական, գաղափարական ուղղութեան հետեւորդներ են անոնք։
Գիտենք, որ անկարելի է իւրաքանչիւրիս մասնակցիլ բոլոր միջոցառումներուն։ Սակայն կրնանք ճիգ մը թափել մասնակցելու մեր անմիջական շրջանակի կազմակերպած ձեռնարկէն զատ մէկ այլ, նոյնիսկ գաղափարականօրէն հակադրուած խումբի մը կողմէ նախաձեռնուած յուշ-երեկոյի մը կամ ցոյցի մը։
Երթանք, մասնակցինք ու վստահ ենք, որ այն «միւս»ի կազմակերպած հաւաքին պիտի լսենք նոյն պատգամները, նոյն պահանջատիրական կոչերը, նոյն բողոքները՝ թրքական ուրացող քաղաքականութեան դէմ, ականատես պիտի ըլլանք նոյն յարգալիր խնկարկման մեր զոհերուն, նոյն ակնածանքին՝ մեր նահատակներու յիշատակին։
Երթանք մասնակցինք եւ վստահ ենք, որ ուրիշ տեսակի զգացումով պիտի բաժնուինք այդ ձեռնարկներէն։ Վստահ ենք, որ Ապրիլ 25ին մեր մօտեցումները ազգային մեր խնդիրներուն քիչ մը պիտի տարբերին նախկին մօտեցումներէն։ Վստահ ենք, որ որոշ չափով աւելի ուժեղ պիտի զգանք մենք մեզ, աւելի ինքնավստահ, աւելի լայնախոհ ու հանդուրժող մեր ազգի մնացեալ զաւակներուն հանդէպ, անոնց ներկայացուցած գաղափարներուն, մտքերուն, սկզբունքներուն, որդեգրած մարտավարութեան հանդէպ։
Ընդհանուր նպատակներու համար միասին աշխատիլը ինքնին կը նպաստէ այնպիսի մշակոյթի մը ստեղծման, այնպիսի ներքին յարաբերութիւններու զարգացման, որ հետագայ որեւէ հակադրութիւն, որեւէ բանավէճ անպայմանօրէն կ’ենթարկուի աւելի քաղաքակիրթ օրէնքներու, կը ղեկավարուի այնպիսի կանոններով, երբ զիրար լսելը, զիրար հասկնալու փորձը աւելի շեշտուած կ’ըլլայ, քան անբացատրելի ատելութիւնը։
Եղեռնը բոլորիս ցաւն է։
Ցաւը տանինք բոլորս միասին։
Մեր վախճանական նպատակներն ալ, հաւատացէք, այնքան ալ իրարմէ չեն տարբերիր։