Հարկ կը համարեմ, Ձեր թերթի միջոցով անգամ մը եւս անդրադառնալու զիս յուզող կարեւոր եւ անհրաժեշտ հետեւեալ հարցին:
Հարցը հետեւեալն է. մեր գաղութին մէջ 40 տարիներ շարունակ «Գուսան» երգչախումբը կը վայելէր ունկնդիրներու սէրն ու համակրանքը…
80ական թուականներուն, «Համազգային»ի Կլէնտէյլի մասնաճիւղը կազմակերպեց «Անուշ» երգչախումբը՝ ղեկավարութեամբ հանգուցեալ երաժշտագէտ՝ Հովիկ Գասպարեանի…
Սակայն, երգչախուբի ղեկավարի մահէն յետոյ, շրջանի վարչութեան որոշումով «Անուշ» երգչախումբը միացաւ «Գուսան» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ՝ փրոֆ. խմբավար՝ Արա Մանաշի…
Արա Մանաշը ըլլալով գիտակ իր մասնագիտութեանը, կը ղեկավարէր երգչախումբը, մատուցելով բազմահազար մարդոց հայ երգն ու երաժշտութիւնը եւ կ’արժանանար մեծ գնահատանքի…
Պարզ է, որ երգչախումբի փորձերուն համար վայր էր պէտք: Այդ հարցին իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ հոգաբարձութիւնը, տրամադրելով եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահը:
Սակայն, սրահը յաճախակի զբաղուած էր զանազան միջոցառումներու համար՝ յարգելի պատճառներով: Հետեւաբար, երգչախումբի փորձերը ձախողութեան մատնուեցան…
Եւ այսպէս, փորձերու անկանոնութեան պատճառով բնականաբար յուսահատութեան մատնուեցաւ «Գուսան» երգչախումբը, եւ ցիրուցան եղան անոր անդամները…
Այսօր, ցաւով պէտք է նշեմ, որ 40 տարուան երգչախումբը գոյութիւն
չունի…
Սակայն, այս բոլորով հանդերձ, յոյսս չեմ կտրեր, որ «Համազգային»ի Շրջանային վարչութիւնը եւ իր նշանակած ժամանակաւոր միացեալ մարմինը անյապաղ միջոցներու կը դիմեն, դարձեալ վերակազմելու եւ փորձերու համար անխափան վայր ապահովելու համար, որպէսզի գաղութիս մէջ հռչակ վայելող «Գուսան» երգչախումբը միանգամայն փրկուի կորուստ է…
Յարգանքներով՝ Պօղոս Մելքոնեան
նախկին ատենապետ «Համազգային»ի Կլէնտէյլի մասնաճիւղի