Ատրպեճանական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը Լոս Անճելըսի մէջ փորձեց խանգարել մեր իրաւունքը մեր սեփական նախասիրութեամբ տօնախմբելու Արցախի ազատագրական պայքարի քսանամեակը։
Մենք կրցանք ձախողեցնել ատրպեճանական այս նենգ գործողութիւնը, եւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ծրագրած միջոցառումը տեղի պիտի ունենայ Ուիլշըր Իպել սրահին մէջ յայտարարուած օրը, Մայիս 2ին։
Այս ճակատամարտը շահեցանք։ Անցնինք յաջորդ քայլին։ Ուիլշըր Իպելը պէտք է ողողենք մեր բազմութեամբ։
Կասկած չկայ, որ բոլորս հպարտ ենք Արցախի ազատագրական պայքարով, փառաւորուած ենք անոր նուաճումներով, երջանիկ ենք անոր յաղթանակներով։ Ուրեմն եկէք միասնաբար ապրինք հպարտ պահ մը, միասնաբար փառաւորուինք ու միասնաբար հրճուինք՝ յիշելով յաղթանակներու ամբողջ շարանը։
Եկէք ապտակ մը եւս տանք ատրպեճանական ներկայացուցչութեան։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հանրային Յարաբերութիւններու
Յանձնախումբը Կը Հրաւիրէ Ձեզ
Հրապարակային Քննարկումի՝
Արցախի Ազատագրական Պայքարի Տօնակատարութիւնը
Խոչընդոտելու Ատրպեճանական Ոտնձգութիւնը
Չորեքշաբթի, Ապրիլ 30, Երեկոյեան, Ժամը 7։30ին
Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ
Հանրութիւնը կը հրաւիրուի մասնակցելու այս քննարկումին