Ուաշինկթընէն Արցախի ներկայացուցչութիւնը իր հերթական լրատուին մէջ կոչ մը զետեղած է՝ դիմելով մեզի, բոլորիս, օգնելու փոքրիկ Մարթա Արզումանեանին։
Արցախցի այս փոքրիկը կը տառապի բնածին ուղեղային թերզարգացման հիւանդութեամբ։ Բուժումը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ անհնար ըլլալով, Մարթայի ծնողները վեց տարի առաջ տարած են զինք Մոսկուա, ուր յաջող գործողութեան մը ենթարկուած է ան։
Հիմա բժշկական նոր միջամտութիւն մը անհրաժեշտ է, եւ Մարթային ծնողները հազիւ կրցած են իրենց դստրիկը Մոսկուա հասցնելու գումար գոյացնել։
Գործողութեան ծախսը հինգ հազար տոլար է։
Ներկայացուցչութիւնը Միշիկընի մէջ իր կեդրոնատեղին ունեցող Հայ երեխաներու օգնութեան հիմնադրամի հետ գործակցաբար բացած է յատուկ հաշիւ մը՝ հայցելով ձեր տուրքէ ազատուած նուիրատուութիւնը։ Հաշիւը, զոր կրնաք գտնել մուտք գործելով https://www.fundable.com/groupactions/groupaction.2008-04-09.3869147773 կայքէջ, որ բացուած է Ապրիլ տասին՝ թիրախ ունենալով քսանհինգ օրերու ընթացքին գոյացնել հինգ հազար տոլարը։
Երկուշաբթի օր արդէն գոյացած էր ինը հարիւր քսանհինգ տոլար։ Ակնկալութիւնը քսանհինգական տոլարի նուիրատուութիւններ են։ Եթէ հնարաւորութիւն ունիք, աւելին ալ կրնաք տալ, անշուշտ։
Օգնենք Մարթային։
Կոչը անպատասխան չթողունք։