Ամէն օր ընկերոջ մը, ծանօթի մը գործէ արձակման, սնանկացման, տուն-սեփականութիւն կորսնցնելու մասին լուր ստանալը սովորական երեւոյթ դարձած է այս օրերուն։
Ամերիկայի տնտեսութիւնը յայտնապէս ծանր օրեր կ’անցընէ եւ այսպիսի տագնապալի ժամանակաշրջանի մէջ թերեւս միայն այս երկրի մէջ որոշ չափով հասկնալի կրնայ ըլլալ աշխատաւորի շահերու պաշտպանութեան մասին որեւէ խօսք, գաղափար։
Արդարեւ, հաղորդակցութեան բոլոր միջոցներով, գաղափարախօսութեամբ, արժէքային համակարգով, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ խորթացում մը ստեղծուած է նոյն ամերիկեան ծնունդ ունեցող Մայիս մէկեան շարժումի՝ աշխատաւորներու շահերու պաշտպանութեան պայքարի հանդէպ, այնքան, որ ժամանակին այդ պայքարը նոյնացուած էր համայնավարութեան հետ եւ հիմնովին մերժուած իբրեւ այդպիսին։
Աշխատաւորական միաւորումներու գործունէութիւնը, որ պէտք է համապատասխան կազմակերպական միջոցը ըլլար ամերիկացի բանուորի, աշխատաւորի շահերը պաշտպանելու, ժամանակի ընթացքին կորնսցուցած է իր երբեմնի քաղաքական կշիռը՝ դառնալով ամերիկեան ազատական թեւի կցորդը՝ քան թէ անոր շարժիչը կամ առաջնորդը։
Վերադառնալով մեր անմիջական շրջապատին, իւրաքանչիւր գործ կորսնցնողի պատմութիւնը անզօրութեան, անպաշտպանուածութեան վիճակներու ներկայացումներ են, որոնց իբրեւ հակազդեցութիւն կը խղճահարուինք, կը մտահոգուինք, կը բողոքենք, պատասխանատուութիւնը կամ մեղքը մէկուն վրայ նետելու փորձ կ’ընենք ու յաջորդ նախագահական ընտրութիւններուն որուն քուէարկելու «ծանրակշիռ» որոշումը առնելու կը պատրաստուինք։
Ակնկալուած լուծումը անշուշտ պիտի չգայ ոչ հանրապետական եւ ոչ ալ դեմոկրատ նախագահէն։ Լաւագոյն պարագային, ժամանակաւոր վերելք մը նորէն կ’ապահովուի ընդհանուր տնտեսութեան համար, որու մէջ իմ ու քու աշխատանքի պաշտպանուածութիւնը հազիւ թէ բարելաւուի։
Լուծումը. այս երկրի մէջ առաւելագոյնը, որպէսզի միամիտ յիմարի տեղ չդրուիս, գիտակցութեան մակարդակդ բարձրացնելն է, որ խաղի չգաս, աւելի ճիշդը՝ տիրող համակարգի աչքին միամիտ չերեւիս, եւ կրցածիդ չափ քաղաքական երանգապնակի ձախ կողմերը դեգերիլն է։
Շնորհաւոր ձեր Մայիս մէկը եւ խնդրեմ կարդացէք գաղափարապէս պատրաստուած իմ ճանչցած ամէնէն լաւ հրապարակագիրներէն Նազարէթ Պէրպէրեանի այս առթիւ գրած սլաքը։ Տես էջ ինը։