Անկախ Հայաստանի ֆութպոլի պատմութեան մեջ առաջին անգամ հանրապետութեան առաջնութիւնը պաշտօնական հովանաւոր ունեցաւ: Ապրիլ 29ին ֆութպոլի համադաշնակցութենէն ներս, ՀՖՖ նախագահ Ռուբէն Հայրապետեան եւ «Սթար» ընկերութեան տնօրէն Վահան Քերոբեան համագործակցութեան մէկ տարուան պայմանագիր ստորագրեցին: Պայմանագրով նշուած գումարը հաւասարաչափ պիտի բաշխուի բարձրագոյն խումբի 8 խմբակներուն միջեւ: «Սթար» ընկերութիւնը «սուփերմարքէթներ»ու ցանց է Հայաստանի մէջ եւ կը զբաղի մանրածախ առեւտուրով: Ընկերութիւնը կը դառնայ Հայաստանի ազգային հաւաքականին գործընկերը՝ խաղերու ժամանակ ֆութպոլիսթներուն կ’ապահովէ հանքային ջուրով: