ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Հայկազեան» համալսարանին, Չորեքշաբթի, 30 Ապրիլին տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն մը, որուն նիւթն էր «Հայոց լեզուի գործընթացը եւ անոր անդրադարձը Ցեղասպանութեան իրողութեան վրայ՝ Լիբանանահայ գաղութին մէջ»։ Դասախօսութիւնը անգլերէնով ներկայացուց դոկտ. Արտա Ճէպէճեան, որ անդրադարձաւ ժողովուրդներու պատմութեան հոլովոյթին մէջ լեզուներու ունեցած մեծ ու ազդեցիկ դերակատարութեան։
Ան նշեց, թէ Սփիւռքի մէջ հայերը բազմատեսակ հարցեր կը դիմագրաւեն, ինչպէս՝ օտար լեզուներու գոյութիւնը, համաշխարհայնացման հոսանքը, ընկերային վիճակները, տարբեր ապրելակերպը, տեղական քարոզչութիւնը, իրաւունքներու խնդիրը եւ այլն, հարցեր, որոնց դէմ կանգնելու հիմնական ազդակը կը կազմէ հայերէնը։
Դասախօսը յայտնեց, որ բազմաթիւ լեզուներ գիտնալը մանկավարժօրէն ընդունելի է՝ շեշտելով, որ հայերէն գիտնալը գաղութներու մէջ հայապահպանման գրաւական է։
Դասախօսը նաեւ կոչ ուղղեց ներկաներուն տէր կանգնելու հայերէնին՝ հաստատելով, թէ իւրաքանչիւր հայ այս առնչութեամբ ունի մեծ պարտականութիւն։
Բանախօսութենէն ետք ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն։