Հայաստանի կառավարութեան ծրագրի խորհրդարանական քննարկման ժամանակ հնչած են լուրջ քննադատութիւններ եւ արտայայտուած հիմնաւոր մտահոգութիւններ: Ազգային ժողովի Դաշնակցական պատգամաւոր Լիլիթ Գալստեան, որ տարիներէ ի վեր կը վարէ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան հայաստանեան գրասենեակի գործունէութիւնը, այս քննարկումներու ընթացքին արտայայտուած է մշակութային ոլորտի հանդէպ կառավարութեան վերաբերմունքին:
«Ես այն համոզումն ունէի եւ ունեմ, որ Մարտի 1ի ողբերգական իրադարձութիւնները կը հարկադրեն շատ իրողութիւնների նկատմամբ վերանայել մեր մօտեցումներն ու վերաբերմունքը, առաւել լրջօրէն ու խորութեամբ վերաբերուել պետական մեքենայի բոլոր օղակներին, արժեւորել նրանց իրական պատասխանատուութիւնն ու դերակատարութիւնը: Վերջին 2 ամիսների մեր բոլոր վերլուծութիւններում ինչո՞ւ եւ ի՞նչ անելու որոնումների մէջ գրեթէ բոլորս միակարծիք էինք, որ մեր հասարակութիւնը բարոյահոգեբանական խորը ճգնաժամ է ապրում, եւ դարձեալ որպէս վերջին դէպքերի տխուր դաս՝ փաստեցինք, որ հասարակութեան, յատկապէս երիտասարդութեան շրջանում ազգային, քաղաքացիական, մշակութային կրթութեան լուրջ բաց ունենք: Այս օրերին հնչեցին մշակոյթի տարբեր ոլորտները ներկայացնող իրական մտաւորականների կարծիքներ, որոնց գնահատականը նոյնն էր՝ մշակոյթի նկատմամբ լուսանցքային քաղաքականութիւնը յանգեցրեց ազգային արժեհամակարգի խեղաթիւրմանն ու անկմանը», ըսած է Լիլիթ Գալստեան:
Նախորդ տարուան պիւտճէի օրինակով, կառավարութեան այս ծրագրի մէջ եւս մշակոյթի ոլորտը յայտնուած է որբի վիճակի մէջ, ըսած է Գալստեան եւ անդրադառնալով ծրագրի այն դրոյթին, ըստ որու՝ մշակութային համագործակցութեան շրջագծի մէջ կը նախատեսուի Հայաստանը դարձնել Եւրոմիութեան մշակութային տարածաշրջանային կեդրոն, Դաշնակցական պատգամաւորը հարցեր ուղղած է կառավարութեան, թէ «ինչո՞վ ենք դառնում մշակութային տարածաշրջանային կենտրոն՝ աղբի մէջ թաղուած Երեւանո՞վ, պատմական յուշարձանների անմխիթար վիճակո՞վ, մարզերում մշակութային կեանքի եւ օճախների անյուսալի վիճակո՞վ, թէ՞ պիւտճէում մշակոյթին յատկացուած չնչին գումարներով»:
Ամբողջութեամբ կը ձայնակցինք պատգամաւոր Գալստեանին ու կը կիսենք իր մտահոգութիւնները: