Ապրիլեան ոգեկոչական միջոցառումներուն առթիւ ու ընթացքին բանաւոր թէ գրաւոր հրապարակումները չեն կրնար շատ տարբերիլ իրարմէ։
Նորութիւնները կրնան գալ միայն պատմական նոր փաստերու, հին արխիւներէ դուրս բերուած նոր նիւթերու ու նկարներու ձեւով, որոնք նոյնպէս միայն կրնան հարստացնել արդէն առկայ ցանկը, բայց հազիւ թէ էական նոր խօսք աւելցնեն եղածին վրայ։
Ստեղծագործ-արուեստագէտի համար, գրող, նկարիչ, երաժիշտ, թէ այլ, անսահման են հնարաւորութիւնները արտայայտելու թէ՛ յիշողութիւնը, թէ՛ ցաւը, թէ՛ ցասումը, թէ՛ պահանջատիրութիւնը։ Միւս կողմէ, սակայն, հրապարակախօսութիւնը ունի իր սահմանափակումները, որու պատճառաւ ու պարտադրանքով հռետորը, ճառախօսը կամ յօդուածագիրը հազիւ թէ կարենայ իր վրայէն թօթափել արձակունակութիւնը եւ հետեւաբար հազիւ թէ կարենայ խուսափիլ կրկնութենէ։
Ապրիլեան ոգեկոչական ձեռնարկներուն բեմը մեծաւ մասամբ ոչ արուեստագէտներուն է։ Մեր շրջապատէն ընտրուած մտաւորականներ յանձն կ’առնեն բոլորիս կողմէ խօսիլ, բեմ ելլել ու արտայայտել բոլորիս սրտի մէջ կուտակուած զգացումները, տարբեր ուժգնութեամբ, շեշտադրումով, ընդվզումի իւրայատուկ երանգներով։
Հերթական թուացող այս արտայայտութիւնները, սակայն, տարուէ տարի կ’ապացուցեն, որ ժամանակը որեւէ ձեւով չի կրնար նուազեցնել ահաւոր կորուստի պատճառած տուայտանքը, չի կրնար մեղմացնել մեր ընդհանուր վիշտը։
Անկեղծօրէն, իմ համոզումս է, որ ցաւի ու վշտի ահագնութենէն փախուստի փորձեր են պահանջատիրութեան, լուսաւոր ապագայի մասին խօսքերը, որոնցմով կարծես կ’ուզենք ոգեկոչական այս ձեռնարկներուն մխիթարել մեզ լսողները, չէզոքացնել անոնց մէջ յուսահատութեան զգացումները։
Բայց եւ այնպէս, պիտի լսուին նաեւ պահանջատիրութեան ձայները, որովհետեւ ուրիշ կերպ կարելի չէ, իննիսուներեք տարի առաջ մեր ժողովուրդի դէմ կատարուած ոճիրը պիտի դատապարտուի, յանցագործ պետութիւնը պատասխանատուութեան պիտի կանչուի, մեզմէ խլուածը՝ հողը, պիտի վերադարձուի։ Հետեւաբար, այս ամէնը պէտք է ըսուին, պէտք է կրկնուին, բոլորիս կողմէ, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը պարզապէս բանբերն է նոյն դատին՝ Հայոց Դատին։