Հայաստանի արտաքին գործերու նոր նախարարը արդէն մխրճուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով բանակցային գործընթացին մէջ։
Առաջին հանդիպումները եղան Մինսքի համանախագահներուն հետ, առաջին միջնորդաւորուած հանդիպումը կայացաւ ատրպէյճանցի պաշտօնակցին հետ, առաջին յայտարարութիւնները կատարուեցան երկու նախարարներուն կողմէ, կառուցողական գնահատականը տրուեցաւ առաջին հանդիպման մասին եւ յառաջիկայի նախագահական մակարդակի հանդիպումի նախապատրաստական աշխատանքները կատարելու մտադրութիւնը հրապարակուեցաւ։
Հայկական արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարութեան փոփոխութիւնը այսպիսով ոչ մէկ ցնցումի ենթարկուեցաւ երկրի դիմագրաւած ամէնէն կարեւոր, ամէնէն հիմնական արտաքին մարտահրաւէրի առջեւ։
Պետականութեան կայացման յաւելեալ փաստ մըն է ասիկա։ Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութեան եւ նախկին նախարարի նուաճումն ալ այստեղ պէտք է արձանագրել։ Այո, հայկական դիւանագիտութիւնը ունի իր կրողը, որ պատրաստ է դիմագրաւել իր առջեւ դրուած մարտահրաւէրները, պատրաստ է ամէնէն դժուարին պայմաններու մէջ գործել՝ Հայաստանի ազգային ու պետական շահերը պաշտպանելու համար։
Իսկ Արցախի հարցով, երկու նախարարներու արտայայտած լաւատեսութիւնը ու իրենց հանդիպման «կառուցողական» գնահատական տալու իրողութիւնը յոյս կը ներշնչեն, որ խնդրի խաղաղ կարգաւորումը տակաւին հնարաւոր եւ, միակ տարբերակը կը մնայ ե՛ւ Ատրպէյճանի ե՛ւ Հայաստանի համար։