«Ռատիօլուր».- Շուշիի ազատագրումէն ետք, 16 տարիներու ընթացքին քաղաքի վերականգնման եւ զարգացման ուղղութեամբ բազմաթիւ ծրագիրներ մշակուած են, սակայն իրականութեան մէջ անոնք չեն իրագործուած։ «Շուշիի զարգացումը կ’ընթանայ խիստ դանդաղ կերպով», «Ուրբաթ» ակումբին մէջ այս կարծիքը յայտնեց «Շուշի» հիմնադրամի նախագահ, հրապարակախօս Բակուր Կարապետեանը: Անոր կարծիքով՝ ժամանակն է ստեղծելու միասնական յանձնաժողով մը, որուն միջոցով պէտք է ընդգրկել բոլոր կողմերը եւ լրջօրէն մօտենալ խնդիրներուն. իսկ քանի դեռ ատիկա միայն գաղափար է՝ Շուշիի մէջ զարգացումը կը սահմանափակուի առանձին ու փոքրիկ ներդրումներով:
Իսկ ինչ կը վերաբերի այս ընթացքի դանդաղութեան պատճառին, Բակուր Կարապետեանի կարծիքով՝ «Շուշիի զարգացումը նոյն դանդաղութեամբ կը շարունակուի, քանի որ ծրագրերը մի բան են, իրականացումը՝ այլ բան»:
Կարապետեան յայտնեց, թէ այս տարիներուն Շուշիի մէջ միայն փոքրիկ բարեգործական ներդրումներ կատարուած են, աշխատավարձ ստացած են արտադրութեան եւ պետական կառոյցներու մէջ աշխատողները, հետեւաբար՝ այլ աշխատատեղեր չկան:
«Շուշի» հիմնադրամի նախագահը Շուշիի վերակենդանացումը եւ զարգացումը կը տեսնէ զբօսաշրջութեան զարգացման մէջ: Հիմնադրամը մտադիր է «Շուշի-թուր» կոչուած ծրագիրի մը ձեռնարկել՝ Ղարաբաղի կառավարութեան հետ գործակցաբար: Ծրագիրին համաձայն, 30-40 հազար երիտասարդներ, ի հարկէ՝ վճարովի, այս տարի պիտի ծանօթացնեն քաղաքին հետ: Երիտասարդներուն հնարաւորութիւն պիտի տրուի տեսնել ու սիրել Շուշին:
«Մենք իրաւունք չունենք Շուշիի խնդիրը յետաձգել, դա առաջնային է: Շատ խնդիրներ կան, Հիւսիս-Հարաւը կիսատ է մնացել, Մարտակերտի ջրի հարցը, որ փաստօրէն լուծում են, լեռներից ջուր են բերում: Բաց տեղեր շատ կան, բայց Շուշին զուգահեռ պէտք է արուի: Պատահական բաներին չենք կարող թողնել», յայտնեց Բակուր Կարապետեան: