Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի յուշահամալիրէն ելոյթ ունենալով յայտարարեց, թէ Շուշին ոչ միայն մշակութային կեդրոն է, այլ նաեւ քաղաք մը, որմէ երկար դարերու ընթացքին սնած է հայ ժողովուրդը:
Բակօ Սահակեանը կարեւոր համարելով Մեծ Հայրենականի եւ Արցախեան պատերազմի ժամանակ զոհուածներու աւանդը եւ ներդրումը, նշեց, որ այդ քաջարի զաւակներու յիշատակը պահելու լաւագոյն ձեւը «մեր անկախ պետականութեան հզօրացումն է, եւ նրանց ընտանիքների պայմանների բարելաւումը»:
Խօսելով 14 տարի առաջ հաստատուած հրադադարի մասին, երկրի նախագահը ընդգծեց, թէ՝ «Մենք պէտք է հզօրանանք, եւ այդ հզօրացումը պիտի ուղղուած լինի յաւերժ խաղաղութեան ապահովմանը»:
Տեղեկացնենք, որ Վերածնունդի հրապարակէն Ստեփանակերտի յուշահամալիր այցելելէ ետք՝ ԼՂՀ եւ ՀՀ բարձրաստիճան այրերը՝ երկու երկիրներու նախագահներու գլխաւորութեամբ այցելեցին նաեւ Շուշի, ուր ծաղկեպսակներ դնելէ ետք՝ մասնակցեցան Ս. Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուող պատարագին: Տօնական օրը եզրափակուեցաւ համերգով եւ հրավառութեամբ՝ մայրաքաղաքի Վերածնունդի հրապարակին մէջ: