Լոս Անճելըսի թրքական հիւպատոսարանին առջեւ ենք։ Ամէնուր երիտասարդներ են։ Կազմակերպող, քալող, ճչացող, վանկարկող, ճառախօսող։ Հոյակապ երիտասարդութիւն, այստեղ ծնած թէ եկուոր։
Ձայները զուլալ են, յստակ, շեշտերը հզօր, կտրուկ։ Ինքնավստահ։
Այսպիսի պահեր կախարդական հմայք ունին։ Իրականութենէն կրնաս ամբողջովին կտրուիլ ու պայքարի, մաքառումի վիպական աշխարհ մը կը մտնես, ուր կրնաս մէկ հարուածով «սարեր շուռ տալ», ուր կրնաս ծունկի բերել անարգ թշնամին, կրնաս, որովհետեւ շրջապատուած ես եռանդով, կեանքով ու ուժականութեամբ լիցքաւորուած երիտասարդներով։
«Փոքրիկ Հայաստան»էն ու Մոնթեպելլոյի յուշարձանէն կը միանան հիւպատոսարանի ցուցարարներուն։ Եռագոյնն է տիրապետողը։ Կը ծածանի երիտասրադներու գլուխներուն վրայ, կը ծածկէ ցոյցի չորսդին թաւալող մեքենաներու պատուհանները, տանիքները, կողքերը։
«Հայ ռայտըր»ներու մոթորսայքըլներու ջղուտ ժխորը իւրայատուկ գոյն մը կ’աւելցնէ միջավայրին։
Պարոն Գաբրիէլ Ինճէճիկեանը, հաշուիչը ձեռքին, առջեւէն անցնող իւրաքանչիւր ցուցարարի հետ թիւը աւելցնելով իր հրճուանքն է, որ կը բազմապատկէ։ «Ինծի լսէիք, աւելի շատ զաւակներ ունենայիք, այսօր այս ցուցարարներու թիւը շատ աւելի պիտի ըլլար», կը կարդամ միտքը։
Երիտասարդներուն հետ են վերապրող մը, Ղազարոս Գա-տեմեան, մեծեր, հասուն մարդիկ, գործարարներ, մանկավարժներ, բժիշկներ, դասախօսներ, իրաւաբաններ, դատաւոր մը, քաղաքական մարդիկ, բոլորը կ’ենթարկուին երիտասարդներու ցուցմունքներուն, անոնց կոչերուն, կը կրկնեն զանոնք, կը գոռան։
«Արդարութիւն կը պահանջենք, հիմա»։
«Թուրք երիտասարդներ, սորվեցէք, իմացէք ճշմարտութիւնը»։
Երկու ժամուան այս կախարդանքը վերջ պէտք է գտնէր։ Ափսոս։
Շուտով այս կազմակերպող երիտասարդները պիտի տեսնենք ուրիշ բեմերու վրայ, այլ աշխատանքներու ղեկին։ Այդպէս պէտք է ըլլայ։