ԱՆԹԼԻԱՍ.- Չորեքշաբթի, 21 Մայիսին, յանուն Արամ Ա. կաթողիկոսի, զօրակցական զոյգ այցելութիւններ տրուեցան Լիբանանի շիի համայնքի կրօնապետ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալանի եւ տիւրզի համայնքի կրօնապետ շէյխ Նայիմ Հասանի:
Լիբանանի առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեան եւ կաթողիկոսարանի հիւրընկալ Նորայր եպս. Աշըգեան պաշտօնական այցելութիւն տուին վերոյիշեալ կրօնապետերուն եւ փոխանցեցին վեհափառին զօրակցութիւնը, Լիբանանի դիմագրաւած ներկայ կացութեան առիթով:
Քրիստոնեայ-իսլամ համակեցութեան ու ներդաշնակ գոյակցութեան առնչութեամբ յստակ տեսակէտը հաղորդելով՝ երկու սրբազան հայրերը խօսեցան լիբանանեան բազմակրօն ու բազմամշակոյթ խճանկարին առողջ պահպանման մասին: Անոնք նաեւ հաւաստիացուցին, որ լիբանանահայ համայնքը պիտի զօրակցի այն բոլոր ջանքերուն, որոնք քով-քովի կը բերեն համայնքները, ճամբայ կը հարթեն քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան, եւ աւելի՛ն՝ նեցուկ կը կանգնին համայնքներու միջեւ փոխադարձ եղբայրական յարգանքի ու վստահութեան հաստատման եւ գործակցութեան:
Նկարին մէջ, շէյխ Նայիմ Հասան (կեդրոնը), առաջնորդ Գեղամ եպս. Խաչերեանի եւ Նորայր եպս. Աշըգեանի հետ: