Ապրիլ 29ին, այս սիւնակով, Հայաստանի կառավարութեան գործելաոճի փոփոխութեան ծիրէն ներս ձեր ուշադրութեան յանձնեցինք նաեւ մամուլ-պետական պաշտօնեաներ յարաբերութիւններու վերաբերեալ նոր մօտեցումը։
Ըստ այս մօտեցումին, կառավարութիւնը ծառայողական քննութիւն պիտի բանար մամուլի մէջ հրապարակուած որեւէ նիւթի վերաբերեալ, ուր պետական պաշտօնեայի ոչ պատշաճ վարքի մասին ակնարկ կը կատարուի։
Վարչապետը, խօսքէն անցնելով գործի, յանձնարարեց փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանին քննութիւն բանալ Սիւնիքի մարզպետ Սուրէն Խաչատրեանի մասին «Առաւօտ» թերթին մէջ հրապարակուած լրատուութեան շուրջ, ըստ որուն պաշտօնատար այս անձը իր գրասենեակ հրաւիրած ու ծեծի ենթարկած էր գորիսցի տասներկուամեայ պատանի մը՝ Գոռ Կարապետեանը։
Մենք խոստացած էինք հետամուտ ըլլալ այս քննութեան արդիւնքներուն եւ տեղեակ պահել մեր ընթերցողները։ Հետամուտ կ’ուզէինք ըլլալ քննութեան, տեսնելու համար, թէ կառավարութիւնը իսկապէ՞ս կը գործէ այն նոր ոճով, որ յայտարարած է։
Հարցը նաեւ կարեւոր նկատած էինք, նկատի առնելով, որ Սուրէն Խաչատրեանը, որ յայտնի է «Լիցկա» մականունով, շատ մօտիկ կը համարուի նոր նախագահի եղբօր՝ Ալեքսանդր Սարգսեանին եւ հետեւաբար կ’ենթադրուի, որ պաշտպանուած պիտի ըլլայ իշխանութեան վերնախաւի կողմէ։
Կառավարութեան անցեալ շաբթուան նիստին, վարչապետ Սարգսեան զեկուցեց այս հարցի կապակցութեամբ կատարուած քննութեան արդիւնքները։
Պարզուած է, որ «Առաւօտ» ճիշդ լրատուութիւն չէ Կատարած։ Գորիս գացած քննիչ խումբը յայտնաբերած է, որ Գոռ Կարապետեան ոչ միայն ծեծի ենթարկուած չէ, այլ տեղի ունեցած միջադէպի հետ առնչութիւն իսկ չէ ունեցած։
«Առաւօտ»ի խմբագիր Արամ Աբրահամեանի տուած նոր տեղեկութեան համաձայն, Սուրէն Խաչատրեանի զաւակն է ծեծ ուտողը, իսկ ծեծողը Եղիշէ Անթանոսեանն է։ Երկու տղաները կենցաղային բնոյթի վէճ ունեցած են, որու ընթացքին Եղիշէն ծեծած է Խաչատրեանի զաւակը։ Միջադէպէն ետք, ծնողները հանդիպած են իրարու եւ խնդիրը իրենց մէջ լուծած։ Ոեւէ մէկը՝ միւսին դէմ բողոք չէ ներկայացուցած։
Անհասկնալի է, որ «Առաւօտ»ը նման անճիշդ ու մեղադրական լրատուութիւն ինչպէ՞ս կրնայ հրապարակել։ Նկատի առնելով, որ կառավարութեան նիստէն ետք «Առաւօտ» լոյս ընծայած է մէկ թիւ, ուր որեւէ հերքում չկայ այս մասին, առայժմ կ’ընդունինք կառավարութեան զեկոյցը իբրեւ ճշմարտութիւն եւ իրբեւ նոր գործելակերպի փաստ եւ ոչ թէ Խաչատրեանի համբաւը պաշտպանելու միջամտութեան արդիւնք, որ անցեալին շատ բնական պիտի նկատուէր։