Օգոստոս 2, 1918։ Անկախացած Հայաստան։ Գաղթականներով լեցուն Ֆրեզնօ։ Տասը տարեկան «Ասպարէզ» շաբաթաթերթ։
Խմբագրութիւնը տասնամեակի առիթով յատուկ յաւելուած մը հրատարակած է, հիմը դնելով հետագայ նմանօրինակ ձեռնարկներու։
Նոյն խմբագրութիւնը, նաեւ, տասնամեակը իմաստաւորելու առաջադրանքով եւ Քալիֆորնիոյ հայութեան աճող կարիքներուն ծառայելու համար, ծրագրած է շաբաթաթերթը վերածել եռօրեայի։
Այս փոփոխութիւնը իրականացնելու համար խմբագրութիւնը ապահոված է անհրաժեշտ տպագրական սարքերը, ստացած է որոշ խոստումներ՝ բարեացակամ ընթերցողներէ, որոնք յանձն առած են հոգալ սկզբնական ծախսերը։
«Կը մնայ այժմ մեզի համար փորձը կատարել եւ տեսնել, թէ որքա՜ն պատրաստակամութեամբ ամերիկահայութիւնը ընդառաջ պիտի երթայ մեր ձեռնարկին», կը կարդանք օրուան խմբագրական սիւնակին մէջ։
«Արդ՝ բարոյական պարտք մը կը դնենք մեր բաժանորդներուն վրայ, որ իւրաքանչիւրը իր շրջանին մէջ աշխատի նոր բաժանորդ մը գտնել «Ասպարէզ»ի համար», կը գրէ թերթը ու եզրակացնելով կոչ մը կը հրապարակէ հանրութեան.
«Ուրեմն չ’արժե՞ր, որ այս ոսկեղէն ներկային մէջ՝ մեր համակիրները ու բարեկամները կրկնապատկեն իրենց ջանքերը աւելցնելու համար հինգ հարիւրի չափ նոր բաժանորդներ, որոնց շնորհիւ գոնէ «Ասպարէզ»ի եռօրեայի հրատարակութիւնը կարելի ըլլայ ապահովել գոնէ մէկ տարի»։
Հինգ հարիւր նոր բաժանորդներու յոյսը 1918ին եթէ իրականանալիք է, ի՞նչ թիրախ կրնանք ընտրել մենք, հարիւրամեակ թեւակոխած թերթի աշխատողներս։
Այն տարիներուն հայկականութեամբ ապրող նոր գաղութ էր Քալիֆորնիան, Ամերիկայի Արեւմտեան ափը։ Ամէն մարդ հայերէն գիտէր, կը կարդար։ Հայկական աշխարհը կ’եռեւեփէր։ Ցեղասպանութիւն, տարագրութիւն, իրար փնտռող հարազատներ, նոր հիմնուող կազմակերպութիւններ, միութիւններ, անկախութիւն, հայրենիք, լուրեր հայրենիքէն, սփիւռքի այլ գաղութներէն։
Այսօր։ Հսկայ գաղութ, տակաւին հսկայ բանակ մը հայերէն ընթերցողներու, թէեւ համեմատաբար տարեց զանգուած, բայց մեծ թիւ, հայկական նոյնքան եռեւեփող կեանք, անկախ պետականութիւն, սփիւռքի այլ գաղութներ, հսկայ ներուժ, աշխատանքի ահաւոր մեծ դաշտ։
Ուրեմն, հարիւրամեակի այս տարին, մենք ալ թերթը առաւել աշխուժացնելու, առաւել ծաւալելու, հայերէն եւ անգլերէն բաժինները ուժեղացնելու, նիւթերու այլազանութիւնը եւ այժմէականութիւնը ապահովելու առաջադրանքով, բոլոր նախնական քայլերը առած ենք նոր թափով շարունակելու թերթի յաջորդ դարաշրջանը։
Ուրեմն, մենք ալ կոչ կ’ուղղենք մեր սիրելի բաժանորդներուն, իւրաքանչիւրդ մէկ բաժանորդ եթէ ապահովէք, մենք թռիչք կ’երաշխաւորենք ձեզ։
Համեստ ակնկալութիւն մըն է ասիկա։ Նոյնիսկ համեստագոյն։
Կը սկսինք Սան Ֆրանսիսքոյէն, ուր մեր աշխատակիցը՝ Նուպար Տէմիրճեանը յանձն առած է դիմել իւրաքանչիւր հասցէի՝ իր շրջանին մէջ, բաժանորդներ հաւաքագրելու համար։ Դուք ալ կրնաք մեր ներկայացուցիչը ըլլալ ձեր շրջապատին մէջ։
Մեր առաջադրած թիրախին եթէ կարենանք հասնիլ, ապա՝ թերթը կ’ապահովենք այնքան ժամանակ, որ այս գաղութը կ’ապրի, կը շնչէ, կը պայքարի, հայօրէն կ’արարէ։