Մեր իրականութեան մէջ է, որ արտասովոր են այն թեմաները, որոնք քննարկուեցան անցեալ շաբաթավերջին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ կազմակերպուած եւ Քէյ.Փի.Էֆ.Քէյ. ձայնասփիւռի կայանի համագործակցութեամբ իրականացած խորհրդաժողովի ընթացքին։
Երկօրեայ ծրագրին մասնակցողները լսեցին յանձնառու արուեսատգէտի, քաղաքական սեփական հայացքներու տէր, համամարդկային խնդիրներու հանդէպ անտարբերութիւնը մերժող, կեցուածք արտայայտելէ չխուսափող մտաւորականի խօսքը, զեկոյցներ՝ հայ կնոջ հանդէպ խտրական ու ճնշող վերաբերմունքի մասին՝ հասարակութեան մէջ, թէ ընտանեկան հարկէն ներս ու դուրս, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին, ունկնդրեցին վերլուծումներ Հայաստանի ընկերային համակարգի, ընկերատնտեսական ներկայ իրավիճակի, տագնապներու, խնդիրներու, ժողովրդավարութեան դիմագրաւած դժուարութիւններու, աշխատաւորներու վիճակի, անոնց իրաւունքներու պաշտպանութեան խնդրի, մամուլի եւ խօսքի ազատութեան դէմ բռնութիւններու մասին՝ հայ եւ օտար մասնագէտներու կողմէ։
Դաշնակցութեան ընկերային ուղղուածութիւնը, ինչպէս նաեւ Փասիֆիքա ձայնասփիւռի կայաններու ընտանիքին պատկանող Քէյ.Փի.Էֆ.Քէյ.ի յայտարարած սկզբունքները մարդկային եւ ընկերային հարցերու վերաբերեալ գաղափարականօրէն նոյն հարթութեան վրայ կը գտնուին։ 1959էն ի վեր Լոս Անճելոսի մէջ, Քէյ.Փի.Էֆ.Քէյ. ամէնօրեայ հետաքրքրական, ազատ, անկաշկանդ հրապարակումներ սփռած է ձայնասփիւռի իր կայանէն՝ ամերիկեան ու միջազգային ամէն հակաժողովրդավարական, հակամարդկային, հակախտրական ու ցեղապաշտ, հակաչարաշահումներու եւ բռնութիւններու դէմ։
Յատկանշական է, որ այս կայանը, որ կը սփռուի Էֆ.Էմ. 90.7 ալիքով, իր գոյութիւնը կը պահպանէ ունկնդրողներու նուիրատուութիւններով։ Դրամատիրութեան ամրաբերդէն ներս այսպիսի կայանի մը տակաւին գոյատեւումը ինչ որ բան կը նշանակէ։ Նաեւ՝ Դաշնակցութեան հետ միասին անոր նման թեմաներով խորհրդաժողով կազմակերպելը ողջունելի է եւ երանի իր տեսակի մէջ արտասովոր, հազուադէպ այս ձեռնարկը իր շարունակութիւնը ունենայ, աւելի խորապէս քննարկելու համար արծարծուած թեմաները եւ անշուշտ անդրադառնալու՝ նոր խնդիրներու։
Հետաքրքրական չէ՞ ուսումնասիրել մեր ազգային իրականութեան մէջ կիներու վերապահուած դերի այնքան սահմանափակ ըլլալը, կիներու հանդէպ ճնշող, նոյնիսկ յաճախ անմարդկային վերաբերմունք ունեցող ընկերութեան համբաւ ունենալը, երբ պատմականօրէն կրնայինք յոխորտալ, որ նոյնիսկ Միջին դարերուն հայկական իրաւաբանական միտքը օրէնքներ գրած է, որոնք սեփականութիւն ունենալու, բռնի չամուսնանալու իրաւունք կուտային կիներուն, իսկ անցեալ դարու սկզբին, ռահվիրա, յառաջապահ դարձած էինք կնոջական իրաւունքներու յարգումին՝ կիներուն քուէարկելու իրաւունքը սահմանադրականօրէն ամրագրելով։
Կը սպասենք յաջորդ նմանօրինակ խորհրդաժողովին։