Այս երկուքի ներդաշնակումը հաւանաբար ամէնէն կարեւոր չափանիշներէն է անհատի մը կամ կազմակերպութեան մը սկզբունքայնութիւնը գնահատելու համար։
Խօսիլ բարձր սկզբունքներէ, յաւակնիլ անոնց դաւանումը՝ սակայն իրական կեանքի մէջ, ամէնօրեայ յարաբերութիւններու ընթացքին ցուցաբերել բոլորովին այլ դէմք մը, որմէ նոյնիսկ կարելի է ամչնալ։
Կազմակերպութիւնները բոլորովին տարբեր պարագաներ են։ Անոնք քիչ մը աւելի հապճեպ եւ մակերեսային գնահատականներու կ’արժանանան։ Այդ գնահատականներու արդարացիութիւնը կրնայ չափուիլ կազմակերպութեան մը գոյատեւման, անոր երկարակեացութեան կամ շուտափոյթ կազմալուծման ժամկէտներով։
Երկարակեացութիւն կ’երաշխաւորուի եթէ կազմակերպութեան յայտարարած խօսքն ու սկզբունքները եւ իրական գործը նուազագոյն չափով կը հակասեն զիրար։ Անշուշտ կազմակերպութիւններու պարագային, մարդիկ փորձութեան կ’ենթարկուին արագ ընդհանրացումներ կատարելով եւ կազմակերպութեան մէկ անդամի կասկածելի ու անսկզբունքային վարքը կը վերագրեն ամբողջ կուսակցութեան, դատումներ կ’ընեն ու եզրակացութիւնները կը փորձեն լայն զանգուածներուն փոխանցել, կը փորձեն վարկաբեկել այդ կազմակերպութիւնը։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը իր հարիւրտասնութ տարուան կենսագրութիւնը կրնայ արդարօրէն վերագրել իր սկզբունքայնութեան, իր խօսքի, գաղափարի ու գործի ներդաշնակութեան, առնուազն՝ այս երկար ժամանակահատուածին մէջ հազուադէպ եւ ոչ այնքան հիմնական խոտորումներով, որոնք մեծաւ մասամբ տեղայնական, սահմանափակ, կարճատեւ երեւոյթներ եղած են առարկայական ծանրագոյն պայմաններու բերումով, որոշ պահու մը, որոշ մարդոց շրջանակի մէջ, բայց ոչ այնպիսի մակարդակով, որ կարենար ստուեր բերել կազմակերպութեան վրայ, կասկածի ենթարկեր անոր առաքելութիւնը, անոր դաւանանքի վեհութիւնը։
Կազմակերպութեան եւ իր անդամի յարաբերակցութիւնը՝ սկզբունքային հարցերու վերաբերեալ ուրիշ մակարդակ է, որուն կ’արժէ անդրադառնալ, ոչ միայն այս սիւնակէն։