Հայ ստեղծագործական միտքը դար մը հեռաւորութենէն իսկ անկարող կը մնայ Մեծ Եղեռնի թեման ներկայացնել ընդհանրապէս արուեստի բոլոր ճիւղերու, բայց յատկապէս գրականութեան ու թատերագրութեան մէջ։
Վիշտը, ցաւը, իր այդ ահագնութեամբ ամլացնող եղած է ու կը շարունակէ մնալ։ Եղեռնի թեման արծարծող արուեստի գործերու հանդէպ մեր՝ ընթերցողներուս եւ հանդիսատեսներուս վերաբերմունքը այդ ամլացման գործընթացի ազդակներէն մէկը կրնայ ըլլալ։ Մեր մէջ միշտ մտահոգութիւնը, մտավախութիւնը կայ, որ այդ թեման կրնայ աժանացուիլ, նսեմացուիլ, չարաշահուիլ. բան մը որ սրբապղծութեան համազօր է, հետեւաբար՝ մերժելի։ Հասկնալի չէ՞, ուրեմն, թէ ինչո՛ւ այս նիւթը կը մնայ անհպելի։
Այսպիսի նախապաշարումով գացի «Րէտ Տակ Հոլզ» թատերախաղը դիտելու, ներկայացման վերջին օրը։
Ճիշդ էին թատերախաղի մասին պատմողները։ Երկխօսութիւնը աշխուժութիւն եւ որոշ չափով թեթեւութիւն կը բերէր ներկայացման, երգիծական շեշտով մը հարստացնելով այլապէս ճնշիչ ըլլալու կոչուած բեմագրութիւնը։
Պատմութիւնը, իր անակնկալներով, յայտնութիւններով հանդիսատեսի հետաքրքրութիւնը վառ կը պահէ, ի վերջոյ հասցնելով զայն յուզումի բաւական բարձր աստիճանի, արցունք ու հեկեկանք յառաջացնելով շատերու մօտ հայ թէ օտար։ Ի միջի այլոց, մեծ էր օտար հանդիսատեսներու համեմատութիւնը ներկաներու մէջ։
Դուրս եկանք թաց աչքերով։ Նաեւ որոշ բաւարարութեամբ, թէ ահա գործ մը, որ մեր ազգին պատահածը կը պատմէ օտարներուն, կը պատմէ ազդեցիկ, համոզիչ ձեւով, կը բացատրէ մեր ճակատագիրը, կը նպաստէ մեր Դատին համակրողներու թիւը մեծցնելու ճիգին։
Այսու հանդերձ, անհանգստութիւն մը, ընկերոջս՝ Արայի պարագային նոյնիսկ ջղայնութիւն մը, կը խանգարէ մեր ներաշխարհը։ Նոյն այդ զգայնութիւնն է։ Արդեօք անպատմելին պատմելով անոր ահագնութենէն չգողցուեցա՞ւ, որքան ալ խորունկ՝ սովորական ընտանիքի մը պատմութեան չվերածուեցա՞ւ անիկա։
Բայց այդպէս ալ շարունակել կ’ըլլա՞յ…