Ախալքալաքի Դերենիկ Դէմիրճեանի անուան թիւ 4 հանրային դպրոցին մէջ, 2008 Մայիս 25ին, տեղի ունեցաւ ՀՕՄի հովանաւորութեամբ կատարուող Հայոց Պատմութեան մրցումին եզրափակիչ փուլը, որուն կը մասնակցէին Նինոցմինտայի, Ախալքալաքի եւ Ախալցխայի 32 դպրոցներէն 82 աշակերտներ։
Մրցումէն առաջ, մասնակիցները, ծնողներու, տնօրէններու եւ ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ, հաւաքուեցան դպրոցին համերգային դահլիճին մէջ, որ վերանորոգուած եւ կահաւորուած էր ՀՕՄի կողմէ։ Նախ խօսք առաւ «Ակունք» թերթի խմբագիր Մելս Թորոսեան, որ անդրադարձաւ Մայիս 26ին Վրաստանի անկախութեան տարեդարձին եւ յաջողութիւն մաղթեց օրուան մրցումին մասնակցող աշակերտներուն։ Ապա, խօսք առաւ Վրաստանի ՀՕՄի վարչութեան ատենապետուհի՝ Կարինէ Թադեւոսեան, որ ողջունեց հիւրերու, ուսուցիչներու եւ ծնողներու մասնակցութիւնը մրցումի եզրափակիչ փուլի հանդիսութեան։ Յաջորդաբար խօսք առին Ապուլ գիւղի դպրոցի ուսուցչուհի՝ Չ. Դարբինեանը, Նինոծմինտայէն ուսուցչուհի՝ Ս. Սնխչեանը, Մ. Երանոսեանը, դաստիարակներ ու ծնողներ, որոնք շնորհաւորեցին ՀՕՄի նախաձեռնութիւնը եւ այս ձեռնարկին կազմակերպիչներուն տարած ժրաջան եւ արդիւնաբեր աշխատանքը։
Մրցումէն երկու օր ետք, Մայիս 28ին, Ախալքալաքի մշակոյթի տան մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Պատմութեան Մրցոյթին մրցանակաբաշխութիւնը, ներկայութեամբ պատկառելի բազմութեան ու պաշտօնական հիւրերու։ Հանդիսութիւնը բացաւ Վրաստանի ՀՕՄի վարչութեան ատենապետուհին, ոգեկոչելով Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան հռչակման 90րդ տարեդարձի օր՝ Մայիս 28ի հայրենաստեղծ խորհուրդը, եւ ողջունեց բոլորի ներկայութիւնը մրցանակներու բաշխումի արարողութեան։ Անոր յաջորդեց Ախալքալաքի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տէր Սամուէլ քահանայ Թորոսեանը, որ իր օրհնութիւնը մատոյց տօնական այդ օրուան հանդիսութեան կազմակերպիչներուն ու ներկաներուն։ Ապա ելոյթներ ունեցան «Ակունք»ի խմբագիր՝ Մելս Թորոսեան, մրցոյթի դատաւորներուն կողմէ՝ Մնակ Երանոսեան եւ Արարատ Էլիզպարեան, դպրոցի տնօրէններ՝ Նաթէլա Գրիգորեան եւ Գրիգոր Ամիրխանեան։
Գեղարուեստական բաժնին մէջ, հայոց լեզուի ու գրականութեան ուսուցչուհի՝ Թագուշ Սարգսեանի ղեկավարութեամբ, Ախալքալաքի ՀՕՄի Երիտասարդական կեդրոնի «Գրական» խմբակի սաները հանդէս եկան «Փառք յաւերժող իմ Հայաստան» թեմայով ներկայացումով մը, որմէ ետք, ատենապետուհին բեմ հրաւիրեց մրցութեան եզրափակիչ փուլի 82 մասնակցողները եւ կատարուեցաւ մրցանակներու բաշխումը։
Եզրափակիչ փուլի բոլո՛ր մասնակցողները ստացան պատուոյ գրեր։ Խրախուսական մրցանակի արժանացան 22 մասնակից աշակերտներ, իսկ առաջինէն չորրորդ տեղ գրաւողները ստացան դրամական պարգեւ, յուշանուէրներ եւ Ախալքալաքի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ կողմէ նուիրուած գիրքեր։
Աշակերտներու կողքին, ինն լաւագոյն ուսուցիչներ ստացան յուշանուէրներ ու պատուոյ գրեր, իսկ տասը դպրոցներ ստացան «Հայոց պատմութեան» ատլասներ։
Մրցումին անդրադառնալով, դատական կազմի անդամները հաստատեցին, որ խրախուսիչ երեւոյթ է, որ տարուէ տարի կ՚աւելնայ ՀՕՄի ձեռնարկած այս եւ նման ծրագիրներու մասնակցող դպրոցներու թիւը։ Միաժամանակ ակներեւ բարելաւում կը նկատուի Չաւախքի հայ մանուկներու հայեցի դաստիարակութեան մէջ։ Այսու հանդերձ, անոնք ընդգծեցին, որ անմիջակա՛ն կարիքը կայ Հայոց Պատմութեան դասագիրքերու։ Ներկայիս, նուիրեալ ուսուցիչներու ձեռագիր ու բերանացի դասաւանդութիւններն են որ կարելի կը դարձնեն Հայոց Պատմութեան ուսուցումը Չաւախքի տարածքին։