«Եկէք այսօր մենք համբուրենք
որդիաբար
Մեզ աշխարհում ծնած, սնած,
Մեզ աշխարհում շահած, պահած,
Մեզանից երբեք չկշտացած,
Փոշի սրբող, լուացք անող,
Անվերջ դատող, անվերջ բանող
Այս ձեռքերը,
Թող որ ճաքած ու կոշտացած
Բայց մեզ համար մետաքսի պէս,
Խաս ձեռքերը»:
Պարոյր Սեւակ
Քառասուն օրեր առաջ, Մայիս 25, 2008-ին նորոգ հանգուցեալ արուեստագիտուհի Լիլի Որբերեանի հոգեհանգիստը կատարուեցաւ Օրէնճ Քաունթիի «Սրբոց Քառասնից Մանկանց» Եկեղեցւոյ մէջ: Զինք սիրող ու յարգող բարեկամներ տարբեր վայրերէ փութացած էին եկեղեցի եւ հոգեճաշին, իրենց յարգանքի տուրքը տալու ազնուական, ընկերասէր Հայուհիին:
Ոեւէ արուեստասէր անձ չէր կրնար աննկատ անցնիլ եւ խորհրդածութիւններու մէջ չմտնել, երբ ճանչնար, յարաբերէր եւ դիտէր սիրուած արուեստագիտուհի՝ Լիլի Որբերեանի հրաշալի, անզուգական՝ Մարաշի ձեռագործներու հաւաքածոն: Իր ստեղծագործութիւնները արտայայտիչ են, իր անհատականութեան եւ նկարագրին նման, տեսքով զարդանկարներու տաղանդաւոր, համարձակ ոճաւորութեամբ, եւ գոյներու հարուստ երանգապնակով հրամցնելու բարձր ճաշակով:
Տիկին Լիլի Որբերեան գոյնն ու գծանկարը օգտագործած էր իր ներաշխարհին, մտածումներուն համապատասխան, եւ գոյները վերածած գողտրիկ բանաստեղծութիւններու, որոնք գունային ներդաշնակ քնարականութեամբ մը փառաւորած են նաշխին գեղեցկութիւնը: Շատ նման են երաժշտական համանուագի, ներդաշնակ, ակնահաճոյ խայտաբղէտ գոյներով, համադրուած նաշխերով, քնքոյշ, եւ երբեմն ալ պոռթկումի վեհացնող պայքարի մասին կարծես կը թրթռան, խոհերն ու յոյզերը արտայայտելով: Հոն են հայ ճարտարապետութիւնը յիշեցնող նմոյշներ, միշտ հզօր, փայլուն խաղի ներկայութեամբ, համաչափ կարուցուածքով եւ design-ներով: Ինչպէ՞ս մոռնալ գեղանկարչութեան«վրձինը» որ փայլուն մտքի երեւակայութեան ունակութիւնը կը մատնէ: Մեզի ծանօթ աւանդական օրինակներէն տարբեր էին իր գործերը, աւելի գեղեցկացած, արդիականացած, որովհետեւ ինք կը ստեղծագործէր, կը յօրինէր, եւ կերպասին վրայ կը գծէր:
Եւ մտածել որ լոկ ասեղի եւ թելի միջոցաւ ստեղծագործած էր բոլորը իր ճշտասիրութեամբը, համբերութեամբը եւ աշխատասիրութեամբը: յաջողած էր բանաստեղծել, նկարել, երգել եւ քանդակել, դերձանը վերածելով գեղեցիկ ձեռագործ գորգանման պատկերներու:
Ժողովրդական ստեղծագործութեան բարձր ճաշակի եւ հմուտ վարպետութեան երաշխիքը չե՞ն միթէ:
Բախտաւոր կը զգամ մօտէն ճանչնալուս այսպիսի հետաքրքրական, անզուգական Տիկ. Լիլի Որբերեան մը: Մեր բնակարանները մօտ ըլլալուն, յաճախ կ’ուզէր որ այցելեմ իրեն: Խոստովանիմ որ իրապէս վայելք էր անոր ընկերակցութիւնը. հրաշալի զրուցակից, տեղեակ ամէն բանէ, շատ օգտուած եմ իր խելացի խորհուրդներէն, փորձառութիւնէն: Երգի, արուեստի սիրահար, յաճախ գնահատած էր իմ ալ արուեստի ներդրումներս, յիշելով իր երիտասարդ օրերուն Հ. Պէրպէրեանի, Բ. Կանաչեանի երգչախումբերու մեներգչուհիի փայլուն ելոյթները: Ձայնը ապերախտ է, գիտեմ՛ բայց արուեստագէտի հոգին չի փոխուիր : Օր մը անակնկալի եկայ երբ ստիպեց որ ճաշի մնամ, եւ ինչ գեղեցկութիւն, «կարմիր պղպեղի լիցքը» արուեստի պատկեր էր կարծես: Չուզեցի խանգարել գեղեցկութիւնը: Տունը թանգարան մըն էր, մանրանկար մը՝ լի արուեստի զանազան, իրարմէ գեղեցիկ իրերով:
Կը սիրէր իր յուշերը պատմել։ Ծնած ըլլալով գաղթականութենէն ետք, Տէր-Զօրի անապատի վերջին կայանը՝ Ճարապլուսի մէջ՝ Եփրատ գետի եզերքը, շատ դժուար մանկութեան օրեր անցուցած է: Ծնողքը՝ Յարութիւն եւ Զէքիա Գամպուրեան, Մարաշի 1918-ի ջարդէն փրկուած, Հալէպ հաստատուած, շփուելով տարագիրներոուն հետ Լիլի 12 տարեկանէն անոնցմէ կը սորվի Մարաշի գործի հիմնական ասեղները: Մօրը քաջալերանքով եւ օգնութեամբ կը յարատեւէ խորանալով գաղտնիքներուն: փոքր տարիքին կ’ամուսնանայ եւ կ՚ունենայ 4 զաւակներ, սակայն երկար չի տեւեր երջանիկ, տնտեսապէս փայլուն կեանքը: Երիտասարդ 35 տարեկանին այրիանալով, չորս զաւակներու հոգով ծանրաբեռնուած, դժուարութիւններ յաղթահարելով կը մեծցնէ ու պատուաբեր դիրքերու կը հասցնէ զանոնք:
Լոս Անճելըս հաստատուելէ ետք1978-ին, աւելի կը մխրճուի ձեռագործի մէջ եւ կը սկսի իր արուեստի իսկական ստեղծագործ շրջանը: Ունեցած է բազմաթիւ ցուցահանդէսներ հոս եւ տարբեր քաղաքներու մէջ, արժանանալով բարձր գնահատագիրներու, որոնցմէ ամենէն կարեւորը 21 Սեպ. 1994-ին Ուաշինկթըն Տի.Սի.ի մէջ Aռաջին Տիկնոջ՝ Հիլըրի Քլինթընի ձեռքով ստացած «National Endowment for Arts»ի բարձր մրցանակ-պարգեւն էր Master Artist & National Heritage Fellow1:
Երջանիկ եմ, որ արժանացած եմ իր արժէքաւոր ձեռագործներէն մէկ քանիին, պատս զարդարելով։ Կարծես իր կապոյտ, ժպտուն աչքերուն օրհնութիւնը կը տեսնեմ այդ անգին խաչին մէջէն:
Քաղցր յիշատակը միշտ անթառամ մնայ զաւակներուն թոռներուն եւ բարեկամներուն հոգիին մէջ: