Հայաստանի ֆութպոլի համադաշնութեան ղեկավարները չնաշխարհիկ գաղափարը ունեցած են՝ իրենց կազմակերպութեան զինանշանէն հանել Արարատի ուրուագիծը պատկերող նկարը: Նոյն տարբերանշանը նաեւ հանուած է հայ ֆութպոլիսթներու մարզական հանդերձանքին վրայէն:
Ամէնէն միամիտ հայու մտքին մէջ ալ, անշուշտ, հարց կը ծագի այս քայլին պատեհ ըլլալուն մասին, մանաւանդ այս պահուն, երբ Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականը Հրազդան մարզադաշտին վրայ պիտի մրցի Թուրքիոյ հաւաքականին հետ՝ երկու երկիրներու նախագահներու ներկայութեամբ:
Վստահ ենք, որ շատեր այս քայլը պիտի նկատեն մեր հարեւաններուն ընդառաջելու աւելորդ, ամօթալի ըլլալու աստիճան չափազանցուած նախանձախնդրութեան մը արտայայտութիւն:
Արդարեւ, փոխանակ այս առիթը օգտագործելու՝ մեր հարեւան ժողովուրդի իշխանաւորներուն յիշեցնելու համար, որ Արարատը կը մնայ ո՛չ միայն զինանշաններու վրայ, այլեւ՝ մեր հոգիին ու սրտին մէջ, փոխանակ անոնց Հրազդանի մարզադաշտէն երեւցող Ծիծիեռնակաբերդը մատնացոյց ընելու, մենք մեր նախաձեռնութեամբ քայլեր կ’առնենք, որ ուղղակի կը վիրաւորէ մեր ազգային արժանապատուութինը:
Իբրեւ թէ «բարի կամքի դրսեւորման» այս քայլը, ինչպէս կը մեկնաբանուի թրքական մամուլին կողմէ, ծիծաղի առարկայ կը դարձնէ մեզ, կ’աւլէ ու կը սրբէ մեր ժողովուրդին հանդէպ յարգանքի ամէն նշոյլ՝ իբրեւ պատմական ախոյեան յաչս մեր հարեւան ժողովուրդին, ինչու չէ նաեւ՝ միւս ժողովուրդներուն:
Գեղագիտական կամ այլ որեւէ առարկութիւն՝ այս հանգրուանին, այս պահուն այս զինանշանը նման փոփոխութեան ենթարկելու համար անարդարանալի է:
Իսկ պատասխանատուներուն կողմէ «անմեղ» արդարացումներուն կարելի է պատասխանել՝ մեր արեւելահայ եղբայրներու ոճով՝ «լաւ էլի, ամօ՛թ է»: