Թրքական մամուլը աշխուժութեամբ կը շարունակէ մեկնաբանել Ապտուլլահ Կիւլի Երեւան այցելութւինը եւ ամէնէն տարբեր գնահատականները տալ այս իրադադրձութեան:
Մենք ալ մեր կարգին կը հրաւիրենք շրջանիս քաղաքագէտներն ու մտաւորականները իրենց ներդրումը բերելու վերլուծական փորձերուն, որոնք պիտի ջանան պարզել մեր ընթերցողներուն թէ ի վերջոյ, այս նշանակալի այցելութենէն ետք Հայաստանը քաղաքական-դիւանագիտական շահ մը ապահովեց, թէ ոչ:
Դաշնակցական մամուլի յայտնի հրապարակագիրներէն, «Դրօշակ»ի բազմամեայ խմբագիր Նազարէթ Պէրպէրեան կը ներկայացնէ իր գնահատականը՝ իբրեւ «Օրուան Սլաք»ը, «Եկաւ, յաղթեզ, գնաց» վերնագրով եւ «Հայաստանի նախագահին ֆութպոլային դիւանագիտութիւնը ծառայեց թրքական դիրքերու ամրապնդումին» ենթավերնագրով, զոր կու տանք ստորեւ:
Հայաստանի նախագահին նախաձեռնած ֆութպոլային դիւանագիտութեան առաջին փուլը ի վերջոյ իրականացաւ։
Թուրքիոյ նախագահը վերջապէս ընդառաջեց հրաւէրին, ժամանեց Երեւան եւ, Հրազդան մարզադաշտին մէջ, Հայաստանի իր պաշտօնակիցին հետ կողք–կողքի նստած, հետեւեցաւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ ֆութպոլի հաւաքականներուն Սեպտեմբեր 6ի մրցախաղին։
Ֆութպոլի խաղէն յաղթական դուրս եկաւ Թուրքիոյ հաւաքականը. Հայաստանի հաւաքականը պարտուեցաւ՝ երկու–զեռօ արդիւնքով։
Նոյնը կարելի է ըսել նաեւ դիւանագիտական խաղին մասին. թրքական կողմը նոյնպէս երկու–զեռօ արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց ֆութպոլային դիւանագիտութեան մէջ։
Թուրքիոյ նախագահը առաջին կոլը դրաւ, երբ Հայաստանը պաշարման մէջ պահելու եւ դիւանագիտական ճանաչումէ զրկելու իր վարքագիծը շարունակելով հանդերձ՝ Երեւան իր այցը արար աշխարհին ծախեց իբրեւ խաղաղասիրական մեծ քայլի իրագործում։
Արժանացաւ ոչ միայն Հայաստանի կողմէ պետական հիւրի պաշտօնական լիարժէք ընդունելութեան, այլեւ՝ Եւրոպայի եւ Մ. Նահանգներու կողմէ շեշտակի գնահատանքի, իբրեւ շրջանի խաղաղութեան համար աշխատող յուսալի գործընկեր։
Թրքական կողմին դիւանագիտական յաղթանակը ամրապնդող երկրորդ կոլը եղաւ նախագահ Կիւլի այցին նկատմամբ Հայաստանի թէ՛ քաղաքական ընդդիմադրութեան եւ թէ՛ ժողովրդային շրջանակներուն դրսեւորած բարի դրացիական հիւրընկալութիւնը։
Կարծէք ո՛չ հայոց դէմ Թուրքիա ցեղասպանութիւն գործած է, ո՛չ ալ հայրենի մեր հողերը բռնագրաւուած են Թուրքիոյ կողմէ։
Նոյնիսկ Զուարթնոցի օդակայանէն մինչեւ նախագահական ապարանք երկարող ճամբու եզրին Դաշնակցութեան իրագործած բողոքի ցոյցը այնքան խաղաղ ու քաղաքավարական եղաւ, որ Թուրքիոյ նախագահին նեղ դրութեան մատնելէ աւելի կարծէք ծառայեց Թուրքիոյ հակահայ քարոզչութեան հիմնաւորումին… միջազգային բեմերէ կատարուած թրքական այն նենգամիտ քարոզչութեան, թէ իբր Հայաստանի հայերը հարց չունին Թուրքիոյ հետ, այլ միայն հայկական սփիւռքն է, այլեւ նոյնիսկ ոչ ամբողջ սփիւռքը, միայն դաշնակցական «ծայրայեղականներն» են, որ «կը խանգարեն» հայեւթուրք «բարի դրացիական» յարաբերութիւնները։
Թրքական կողմի դիւանագիտական յաղթանակին համոզուելու համար, կը բաւէ ի մի բերել Կիւլի երեւանեան այցին մամլոյ արձագանգները, յատկապէս եւրոպական եւ ամերիկեան լրատուամիջոցներու կողմէ թրքական այցին շնորհուած լորձնաշուրթն գնահատականները։
Բոլորն ալ միահամուռ կը շեշտեն, որ՝
Կիւլ եկաւ, յաղթեց ու գնաց…
Մինչդեռ պաշտօնական Երեւանը սիրամարգի պէս կը հպարտանայ, որ անցեալ դարու չինեւամերիկեան փինկ–փոնկի դիւանագիտութիւնը նոր հորիզոնի բացաւ իր ձեռնարկած ֆութպոլային դիւանագիտութեամբ։
Թերեւս հայերուս անբուժելի հիւանդութիւններէն է, նաեւ, այսօրինակ ինքնահաւանութիւնը։
Թերեւս «Մերն ուրիշ է» ծանօթ գովազդը սոսկ գովազդային նշանաբան չէ. այլ՝ ուղղակի ազգային իւրայատուկ մտածելակերպ է, որուն դիպուկ եւ պերճախօս արտայայտութիւնը ըլլալուն մէջ կը կայանայ նոյնինքն գովազդային այդ յանկերգին յաջողութեան գաղտնիքն ալ։
Ամէն պարագայի դժուար է ըսել, որ Սեպտեմբեր 6ին Հայաստան ի՞նչ շահեցաւ։
Բայց դժուար չէ ըսել, թէ Հայաստան ինչե՜ր զիջեցաւ։
Իսկ վստահաբար կարելի է ըսել, որ Թուրքիա փառաւոր յաղթանակ մը տարաւ։
Խաղաղասէրի ոսկեայ մետալին արժանանալու յաղթանակ մը, որ դժբախտաբար նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ, անոր ընդմէջէն, վերապրող հայութեան ձեռամբ նուէր տրուեցաւ դեռ անպատիժ մնացած Հայասպանութեան պատասխանատուներուն։