«Ազգային Առաջնորդարանիս նոր շէնքի բարերարները միշտ մեզի հետ են եղած ու մեր առաքելութեան իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտած են այս կառոյցի իրագործման բոլոր կարեւոր հանգրուաններուն, սկսելով հիմնօրհնէքէն, անցնելով Արամ Ա. կաթողիկոսի ձեռամբ տեղի ունեցած օրհնութեան արարողութենէն, մինչեւ Ազգ. առաջնորդարանի պաշտօնական բացումը։ Մեր բարերարներուն ու մեր ժողովուրդի նուիրաբերող զաւակներուն կը պարտինք այս իրագործումը», յայտարարեց թեմիս բարեխնամ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, Շաբաթ, 6 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, Ազգ. առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատրան մէջ տեղի ունեցած յատուկ արարողութեան մը ընթացքին՝ անգամ մը եւս երախտագիտութիւն արտայայտելով ազգային այս հաստատութեան բոլոր զօրակիցներուն եւ գլխաւոր բարերարներուն։
Առաջնորդ սրբազանը յայտնեց, որ այս շէնքի ծրագիրին իրականացման հանգրուանը թեւակոխելէ առաջ իսկ, անհատ բարերարներ ու ազգայիններ մասնակից դարձած էին Ազգ. առաջնորդարանի նոր շէնքի հիմնադրամին մարմնաւորման։ Զօրակցական արտայայտութիւնները չփակուեցան նոր շէնքի պաշտօնական բացումէն՝ 6 Մայիս, 2007էն ետք, այլ առաջնորդարանս ունեցաւ նոր բարերարներ։ Անոնց շարքին են տոքթ. Արմէն Գասապեան, Աստղիկ Քէօյլեան, Յովսէփ եւ Էլիզապէթ Պոյաճեաններ ու Յովիկ եւ Սեդա Աղայեաններ։ Առաջինը հովանաւորեց Ազգ. առաջնորդարանի հաշուապահական բաժանմունքի գրասենեակը, ի յիշատակ իր մօրեղբօր՝ Յարութ Նշան Գազանճեանի, Աստղիկ Քէօյլեան հովանաւորեց Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի գրասենեակը, ի պատիւ իր մօր՝ Պերճուհի Գրիգորեանի, իսկ Պոյաճեան եւ Աղայեան ընտանիքները հովանաւորեցին յաջորդաբար՝ խորհրդատունն ու արխիւատունը։ Ան այս առիթով աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, որպէսզի օրհնէ այս ու բոլոր բարերարները ու վարձահատոյց ըլլայ անոնց։
Առաջնորդին աղօթակից էին Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան եւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեան։ Ներկայ էին Ազգ. վարչութեան անդամներէն Կարօ Էշկիեան, ազգ. բարերար Ժան եւ Աստղիկ Պետրոսեան ամոլը, Պետրոսեան, Գասապեան, Քէօյլեան եւ Գրիգորեան ընտանիքներու անդամներ, Ազգ. առաջնորդարանի Տիկնանց օժանդակ մարմինի եւ անձնակազմի անդամներ։
Մատրան մէջ տեղի ունեցած արարողութեան աւարտին, առաջնորդը, բարերար ընտանքիներուն հետ միասին, աղօթքով կատարեց բացումը Քրիստոնէական դաստիարակութեան ու հաշուապահական գրասենեակներուն՝ բարերարներուն հետ կտրելով ժապաւէնները։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն. բարերար ընտանիքներու անդամները յիշատակի լուսանկարներ ունեցան առաջնորդին հետ։
Նշենք, որ խորհրդատան եւ արխիւատան օրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ մօտիկ ապագային։