Առանց չափազանցելու՝ հարիւրաւոր անգամ անցած եմ Գորիս-Ստեփանակերտ ճամբայէն: Անցած եմ այն ժամանակ, երբ հող էր ճամբան եւ մեքենայ ու մէջք ջարդելով՝ տաս-տասներկու ժամէն կը հասնէի Ստեփանակերտ: Հիմա փառք է անշուշտ, փառք Հայաստան Հիմնադրամին, փառք Լոս Անճելըսի եւ համայն աշխարհի հայ նուիրատուներուն, որոնց գումարներով սարքուեցաւ այս կեանքի ճամբան:
Վերջին տարիներուն, ամէն անգամ, որ անցնէի այս նոյն ճամբէն, աջ կողմի վրայ դրուած քանի մը ցուցատախտակներու վրայ կը կարդայի, որ ճանապարհի վերանորոգութիւնը կը կատարուի Վահէ Կարապետեանի կողմէ: Շուշիէն քիչ մը վար, շէնք մըն ալ կայ, ուր կեդրոնատեղին է այն աշխատանքային ընկերութեան, որ կը կրէ այս բարերարի անունը եւ որ կ’իրականացնէ ճանապարհի հոգատարութիւնը, փոսերը ծածկելու, ճեղքերը փակելու, սահած բաժինները վերականգնելու գործը:
Ժամանակին տարեկան հարիւր հազար տոլար կը յատկացնէի այս գործին, սակայն հիմա, կեանքի սղութեան եւ աշխատավարձերու բարձրացումներու պատճառով՝ տարեկան յատկացումս երեք հարիւր հազար տոլարի հասած է, կ’ըսէ Վահէ Կարապետեան, որուն ես պէտք է տարիներ առաջ, հո՛ն, հողի վրայ շնորհակալութիւն յայտնէի, սակայն հիմա իմ երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ այստեղ, «Ասպարէզ»ի խմբագրատան մէջ:
Պարոն Կարապետեանին հրաւիրած էի խմբագրատուն հարցազրոյց ընելու, հիմնականին մէջ Արցախ-Հայաստան իր բարերարութիւններուն վրայ կեդրոնանալու համար: Զրոյցի ընթացքին, սակայն, շօշափեցինք իր լոսանճելըսեան գործունէութեան վերաբերող նիւթեր: Վերջապէս Փոքրիկ Հայաստան փոխադրուած էինք ու այս փոքրիկ հողամասին վրայ Վահէ Կարապետեանի քրտինքր կ’երեւի Սուրբ Կարապետ եկեղեցիէն, անոր տակ գործող Կարապետեան սրահէն, այն առաջին օրերէն, երբ հիմը կը դրուէր համայնքի կարեւորագոյն կառոյցներուն եւ դպրոցին՝ Ազգային Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս վարժարանին:
Պէյրութ ծնած է Վահէն եւ 1946ին, ընտանեօք ներգաղթած է Հայաստան: Հայրը, որ հաշմանդամ դարձած էր հայ եւ ֆրանսացի զինուորներու միջեւ կռիւի մը միջամտած ըլլալուն պատճառաւ, ուսեալ մարդ էր, Տարսոնի ամերիկեան քոլէճ ուսանած, անգլերէն, ֆրանսերէն, գերմաներէն եւ արաբերէն լեզուներու տիրապետող: Դամասկոսի մէջ աշխատած է իբրեւ թարգման:
Ոտքի վէրքին պատճառով հայրը ստիպուած ուսումը կէս ձգած է՝ բժիշկ կամ դեղագործ դառնալու իր ծրագրէն ետ մնալով: Իր քրոջ ամուսինը յայտնի բարերար Գէորգ Չաթալպաշեանն է, որ կաշեգործարան մը հիմնած է՝ գործ տալով իրեն:
Կաշիի գործին մէջ բաւական մասնագիտանալէ ետք է, որ հայր Կարապետեանը, իր վեց երեխաներով կը ներգաղթէ Հայաստան, ուր զինք աշխատանքի կը տեղաւորեն Երեւանի կաշիի գործարանին մէջ: Ընտանիքը սովէ փրկելու համար, հայր Կարապետեանը պարտաւորուած կ’ըլլայ տան մէջ, գաղտնի աշխատելու: Խորհրդային կարգերու տակ անօրէն նկատուած այդ աշխատանքը պատճառ կ’ըլլայ, որ զինք բանտարկեն: Ընտանիքը աւելի ծանր պայմաններու կ’ենթարկուի, որովհետեւ իր ապրուստը հոգալու կողքին պէտք էր նաեւ բանտարկեալի փրկութեան, կամ անոր վիճակի թեթեւացման համար կաշառքներ բաժնէր՝ աջ ու ձախ: Ստիպուած, Կարապետեանի ընտանիքը վաճառած է նոյնիսկ տան կահոյքը եւ օրեր եղած են, որ ընտանիքի անդամները անօթի մնացած են:
Այսպիսի կեանք քեզ պարգեւած Հայաստանին, հիմա դուն ինչպէ՞ս տրամադրուած կրնաս ըլլալ օգնելու: Հայրենի մտաւորական Զօրի Բալայանն է, որ կը հարցնէ բարերար Վահէ Կարապետեանին: Ես հայրենիքիս է, որ կը փորձեմ օգտակար ըլլալ. այդ է իր պատասխանը:
Այս ծանր պայմաններուն տակ, Կարապետեան կ’աւարտէ միջնակարգ ուսումը եւ կը մտնէ ճարտարագիտական բաժին: Ինք ալ շատ ուզած է բժիշկ ըլլալ, սակայն այդ ճիւղը մտնելու համար հսկայական կաշառքներ տալու խնդիր կար, որ հնարաւոր չէր:
Հայրը մահացած է 61 տարեկանին: Եղբայրը՝ Կարպիսը՝ հասարակական յայտնի գործիչ Պերճ Կարապետեանի հայրը, ընտանեօք փոխադրուած է Պաքու, ուրկէ 1965ին անցած է Ֆրանսա: Վահէն իր ընտանիքի մնացեալ անդամներէն Վարուժանին եւ իր մօր հետ, Երեւանէն փոխադրուած է Պաքու՝ բնակելով Կարպիսենց յարկաբաժինին մէջ, ուրկէ, երկու տարի ետք, 1967ին անցած է Ֆրանսա, իսկ հինգ ամիս ետք՝ ներգաղթած է, «ո՛չ, կը ներես, միայն Հայաստան կը ներգաղթես» (իր բառերը), եկած է Ամերիկա, նախ Նիւ Եորք, ապա՝ Լոս Անճելըս, Հոլիվիուտ:
Այն ատեն, այժմու Փոքրիկ Հայաստանի հայ բնակչութեան մեծագոյն մասը ռումանահայեր ու պուլկարահայեր էին: Այստեղ կը գործէր «Րաֆֆի» մշակութային միութիւնը:
Ռուսախօս հրեայ մը զինք հրաւիրած է աշխատանքի՝ կեդրոնացուած օդափոխիչներու գործով: Ինք իր նախաձեռնութեամբ, հայ սեփականատէրեր ունեցող «Կարֆիլտ» դրամատունէն վարկ վերցնելով՝ սարքած է իր առաջին ճաշարան-բեռնակառքերը: Հետագային ընդարձակելով այս աշխատանքը՝ զայն վերածած է յաջող ու շահաւէտ ձեռնարկի ու մինչեւ այսօր այդ գործն է, որ կ’ընէ, հասնելով գրեթէ մենաշնորհային մակարդակի: Գործի լաւագոյն տարիներուն իր ընկերութեան մէջ աշխատողներու թիւը հասած է հարիւրյիսունի: Հիմա հարիւր հոգի կ’աշխատի: Տնտեսութեան բազկերակը կարելի է իր գործով չափել: Իրմէ ճաշարան-մեքենաներ առնողները կը սպասարկեն գործատեղիներու բանուորներուն: Երբ գործերը լաւ չեն ու բանուորները կը կորսնցնեն իրենց աշխատանքը, ճաշարան-բեռնակառքերու պահանջը կը նուազի:
Մինչ այդ, ազգային հասարակական պարտականութիւններ կը վերցնէ. կը դառնայ հոգաբարձու եւ երբ կը դիմեն իրեն Հոլիվուտի եկեղեցիի կնքահայր դառնալու՝ հակառակ անոր, որ տակաւին այնքան ալ փայլուն վիճակի չէր հասած, պարտքի առնելով՝ կը կատարէ իր նուիրատուութիւնը:
Եկեղեցի, դպրոց, «Աբգարեան» շէնք: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսը կ’օրհնէ հիմերը եկեղեցիին: Յանձնախումբերու մէջ աշխատանք: Հոգաբարձութեան ատենապետութիւն: Հանգանակութիւններ: Դպրոցի աշակերտները, որոնց թիւը ութ հարիւրի հասած էր, չէին տեղաւորուէր շէնքին մէջ, ստիպուած՝ շարժական, ժամանակաւոր կառոյցներու մէջ կը սորվէին, եկեղեցիին երկու կողմերը զետեղուած չորս «թրէյլըրներ»ու մէջ: Յակոբ Յակոբեանն էր տնօրէնը այն ժամանակ: Տեղական իշխանութիւնները պարտաւորութիւններ դրած էին մեր վրայ՝ շինարարական որոշ հարցեր արագ լուծելու: Ես գործս յանձնեցի վերակացուիս ու ձեռքով-ոտքով շինարարական գործին մէջ մխրճուեցայ, կը պատմէ Վահէ: Ժամկէտները այդպէս կրցանք յարգել: Չորս ամսուան մէջ անկարելին կարելի դարձուցինք, ու աշակերտները, նոր դպրոցական տարեշրջանին, մտան իրենց յարմարաւէտ դասարանները՝ դուրս գալով ժամանակաւոր կացարաններէն:
Պասքէթպոլի դաշտը կարգաւորելու ատեն, «թրաքթոր» ալ քշած եմ: Մարդիկ միշտ հարց տուած են, թէ այս բոլորը կ’ընես, կը կարծես, որ համայնքը քեզ շնորհակալութիւն պիտի՞ յայտնէ: Բայց ես իմ պարտականութիւնս կ’ընեմ, կ’ըսէ Վահէն: Այսուամենայնիւ, համայնքը պատուած ու յարգած է զինք:
Հայրս մեր Հայաստան եղած ժամանակ, Սուրբ Գիրք կը կարդար եւ ես զինք միշտ ծաղրած եմ: Այստեղ որ եկանք, վերյիշելով այդ ըրածս՝ անյարմար, ամօթ զգացած եմ ու տեսակ մը մեղքս քաւելու համար, կարծես, եկեղեցաշինութեան այս գործին մասնակցութիւնս բերած եմ: Հօրս սիրած երգն ալ «Կիլիկիան» էր: Կ’երգէր ու կը յուզուէր: Պէտք է ըսեմ, որ 1955ին, Վազգէն Ա. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի օծման ժամանակ կնքահայր դարձած Գէորգ Չաթալպաշեանը ինծի համար վարակիչ օրինակ եղած էր: Մեծապէս տպաւորուած էի իր բարեգործութիւններով:
Անցանք առաջ: 2004ի Մայիսին, ժողովուրդին հետ ուղղակի հաղորդակցելու պահանջէն դրդուած՝ կը սկսի իր սեփական հեռատեսիլի յայտագիրը՝ «Բացայայտում» անունով: Շաբաթական մէկ ժամ, «Ազգային գիտակցութեան զարգացման կեդրոն»ի հովանաւորութեամբ: Այս կեդրոնն ալ ինք ստեղծած էր, իբրեւ ոչ շահութաբեր ընկերութիւն, որ կը նպատակադրէ սատարել ազգային գիտակցութեան արմատաւորումը ժողովուրդի հոգիին մէջ:
Ազգ, լեզու, մշակոյթ, կրօնք, կուսակցութիւններ: Այս բոլորի տեղն ու դերը մեր ազգի գոյատեւման պայքարին մէջ: Այդ էր հաղորդման նպատակը: Այս հաղորդումներով ուզած եմ փոխանցել հանդիսատեսին, որ ինծի համար անհասկնալի է, դատապարտելի՝ հայկական հիւպատոսարանի առջեւ ցոյցերը, ոչ մէկ արդարացում կարելի է տալ այդ տեսակի անհեթեթ արարքներու:
Դարձեալ Արցախի ճանապարհին եմ: Նախկին Զապուխ, հիմա ԱԻՄ-աւան՝ Պարոյր Հայրիկեանի Ազգային Ինքնորոշում Միաւորումը, այստեղ տուած է նահատակներ, ու հետագային որոշած էր վերաբնակեցնել շրջանը: Որոշ յաջողութիւն ալ արձանագրուած էր այդ ուղղութեամբ: Հայրիկեանը այստեղ ուզած էր մատուռ մը կառուցել: Վահէն դիմած էր, որ կնքահայր դառնար: Եկեղեցաշինութիւնը իրեն ծանօթ էր: Վահէն ընդունած էր ու այդ մատուռը հիմա կանգնած է ճամբեզրին: Կարապետեան մատուռին կողքը փորագրել տուած է շրջանը ազատագրելու ատեն նահատակուած քառասուներկու ազատամարտիկներու անունները:
Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արկադի Ղուկասեանին ծանօթացայ 2002ին: Շատ լայնախոհ մարդ է, կը յարգեմ զինք: Գորիս-Ստեփանակերտ ճանապարհը, ուրկէ անցայ հանդիպելու համար ուշ գիշերին ինծի սպասող նախագահին, արդէն քանդուած էր: Ստանձնեցի այդ ճանապարհի վերանորոգման ծախսերը: Նախապէս դրամը կու տայի կառավարութեան, որ իրենք վերահսկեն նորոգութեան աշխատանքներուն: Այդ ձեւը շատ չսիրեցի: Որոշեցի ես, անձամբ վերցնել այդ գործի ղեկավարումը: Նոր ասֆալթապատուած ճանապարհներն է, որ կը վերանորոգէինք ու կը շարունակենք վերանորոգել, կ’ըսէ Կարապետեան
Բացի այս պարտականութենէն, Կարապետեան ստանձնած է նաեւ մէկ այլ, այնքան կարեւոր ծրագրի մը հովանաւորութիւնը: Ամարասի ճանապարհի ասֆալթապատումը: Անոնք, որ գացած են Ամարաս կը հասկնան, թէ ինչ տաժանքէ փրկելու ծրագիր է, որ իր ուսերուն վերցուցած է Կարապետեանը: Ամարասը Արցախի ամէնէն կարեւոր, զբօսաշրջութեան հրապոյրներէն մէկն է, որուն հասնելու համար իրապէս դիմացկուն պէտք է ըլլայ մարդ: Այս ճանապարհի ասֆալթապատումը պիտի իրագործուէր մէկ միլիոն տոլարով: Կարապետեան արդէն փոխանցած է երկու միլիոն տոլար, սակայն գործը տակաւին չէ աւարտած: Ուշացումի, ձգձգումներու պատճառով, թանկացումները կրկնապատկած են ծախսերը:
Այժմ, Վահէ Կարապետեան, խանդավառուած է Սփիւռքի նախարարութեամբ. կ’ուզէ ամէն ձեւով օգտակար հանդիսանալ նոր նախարարին, խորհուրդներով եւ առաջարկներով դիւրացնել անոր աշխատանքը: Իր կարծիքով, Սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք չէ փորձէ ղեկավարել, կառավարել Սփիւռքը, այլ պիտի փորձէ կազմակերպել անոր հնարաւորութիւնները, ուժերը:
Վերջերս, սրտի կաթուածէն մազապուրծ, նոր կեանք սկսած այս մարդը ինքզինք հայ եւ Հայաստանի քաղաքացի կը զգայ: Իրաւականօրէն ալ ան դարձած է Հայաստանի քաղաքացի՝ օգտուելով երկքաղաքացիութեան ընդունուած նոր օրէնքի ընձեռած հնարաւորութենէն:
Մենք դեռ կը հանդիպինք այս հայ մարդուն՝ Փոքրիկ Հայաստանի, կամ Մեծ Հայքի ճանապարհներուն: