ԱՊՈՒ ՏԱՊԻ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ.- Այս տարի «Աստուածաշունչի ընկերակցութիւն»ը աշխատանք կը տանի Արաբական ծոցի տարածքին եթովպիական տարբեր համայնքներու մէջ Աստուածաշունչի 8000 օրինակ բաժնելու ուղղութեամբ։ 3500 օրինակ նկատի առնուած էր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն համար, ուր կ’ապրին 60 հազարէ աւելի եթովպիացիներ։
Արդարեւ, Ուրբաթ, 5 Սեպտեմբերին, «Աստուածաշունչի ընկերակցութիւն»էն պատուիրակութիւն մը այցելեց Ապու Տապիի Եթովպիական ուղղափառ եկեղեցին եւ արարողութեան ընթացքին Աստուածաշունչեր բաժնեց ներկայ հաւատացեալներուն։ Այս նախաձեռնութիւնը գոհունակութիւն պատճառեց ներկաներուն, որոնցմէ շատեր իրենց կեանքին մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը ստանային Աստուածաշունչի օրինակ մը։
Եթովպիական աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը շնորհակալական խօսքեր ուղղեց Աստուածաշունչի ընկերակցութեան՝ այս մեծ նուէրին համար. ան նկատել տուաւ, որ իրենց համայնքին մէջ շատ քիչ թիւով եթովպիական ամհարիք բարբառով գրուած Աւետարանի օրինակներ կային եւ ստիպուած կ’ըլլային մասերու բաժնել զանոնք, որպէսզի իւրաքանչիւր հաւատացեալ կարենայ հետեւիլ եկեղեցական արարողութեան։