Դպրոցը ֆիզիքապէս վերանորոգուած է ու վարչականօրէն վերակազմակերպուած:
Տնօրէն Վազգէն Մատէնլեանի ժամանակը կը գողնամ ու տղաներուս յաճախած վարժարանը գրեթէ դասարան առ դասարան, մինչեւ գրադարան, ճաշարան (ամբողջական խոհանոցով), մինչեւ «Նորայրին նկուղը» (ի՞նչ նկուղը, դպրոցի համակարգչային ուղեղի կեդրոնն է այստեղ, ուր այս երիտասարդ մասնագէտը կը տիրապետէ, ուր ամէն համակարգիչ կը պատրաստուի ծառայութեան ու կը փոխանցուի համապատասխան դասարան), մինչեւ ուսուցիչներու հանգիստի հաւաքատեղին, նոր ժողովատեղին, տնօրէնի գրասենեակը կը շրջինք միասին:
Հին ու նոր դէմքեր կը տեսնեմ: Արփի Անանեանը այլեւս անմիջական դիմաւորողը չէ, ներսը իր սենեակը առանձնացած է: Ռիթա Գաբրիէլեանը՝ փոխ տնօրէնը՝ կարգապահական եւ ուսուցչական կազմի հարցերը կը կարգաւորէ, Նազելի Շահինեանը համալսարաններու վայել «Րէճիսթրար» տիտղոսին հետ արձանագրութեանց ու տակաւին այլ աշխատանքներու բեռը ստանձնած է, Սիրան Մարսէլեանը, գանձապահը, Սեդա Բադմանեանը աշակերտներու «Տինն» է, նաեւ խորհրդատու, նաեւ ծնողական ներգրաւման նոր ծրագրի տեսուչը: Այս վերջինը բաւական հետաքրքրական նորամուծութիւն է Շամլեանի համար, թէեւ ըստ Սեդային, այլ վարժարաններու մէջ վաղուց օգտագործուած դրութիւն է: Տնօրէնը նախնականօրէն ծանօթացուց ու զիս յանձնեց Սեդային, որպէսզի մանրամասնէ թէ՛ այդ թէ՛ մէկ այլ՝ դարձեալ նոր հաստատուած ծրագիր:
Ծնողներու ներգրաւման ծրագրին համաձայն, իւրաքանչիւր աշակերտի ծնողներ պարտաւոր են տարեկան կամ չորս հարիւր տոլար նուիրատուութիւն կատարել դպրոցին, կամ տարբեր առիթներու համար անհրաժեշտ գնումներ կատարել նոյն գումարին արժողութեամբ, կամ ալ քառասուն ժամ կամաւոր աշխատանք տանիլ դպրոցէն ներս:
Այսպէս արտադասարանային բազմաթիւ աշխատանքներ ու միջոցառումներ հնարաւոր կը դառնան ծնողներու կամաւոր օժանդակութեամբ՝ աւելի սերտ յարաբերութիւններ ստեղծելով դպրոցի վարչական պատասխանատուներուն ու կրթական մշակներուն միջեւ:
Տնօրէնը մեր հանդիպման սկիզբը արդէն յայտնած էր, որ շուրջ երկու տարի առաջ նախաձեռնուած էր ծնողական շարժումի մը, նոյն ինքն ծնողներու առաջարկով, որուն շնորհիւ բաւական բարձր ուսման մակարդակով արդարօրէն յոխորտացող ծնողական կազմը կրնար իսկապէս մեծ ներդրում ունենալ դպրոցի կրթական մակարդակը նոր բարձունքներու հասցնելու ճիգին:
Այդ շարժումը նոյն թափը չունի հիմա, սակայն ունեցաւ իր դրական ազդեցութիւնը, եւ նոր քայլերու դուռ բացաւ:
«Լաւագոյնին հասնելու ձգտումը» («Քուէսթ ֆոր էքսըլընս») անունով մկրտուած այս ծնողական շարժումը հաւանաբար դրդեց, որ տնօրէնութիւնը վերատեսութեան ենթարկէ իր՝ մինչ այդ որդեգրած գործելակերպը, եւ անդրադառնայ, թէ որքա՛ն արդիւնաւէտ ու կազմակերպուած կարելի էր աշխատիլ, որչա՛փ ուժ ու եռանդ աւելորդ տեղը չկորսնցնել, ու որոշեց բարեփոխել վիճակը:
Վարչական կազմակերպումը կամ վերակազմակերպումը մասնագիտութիւն է: Դպրոցի տնօրէնութիւնը դիմեց Մարիէթ Քէշիշեանին, Հարաւային Քալիֆորնիոյ «Էտիսըն» յայտնի ընկերութեան նախկին պաշտօնեայ, որ շատ լրջօրէն ընդունեց առաջադրանքը եւ մանրամասն ու բծախնդիր կերպով ուսումնասիրեց առկայ դրութիւնը, դպրոցի իւրաքանչիւր պաշտօնեայի պարտականութիւնները, պարտաւորութիւնները, անհրաժեշտ գործերը ու անոնց կատարման ամէնէն ճիշդ ուղղութիւնը, ապա հաստակազմ հատոր մը պատրաստեց աղիւսակներով ու թուանիշերով, յանգեցաւ եզրակացութիւններու, որոնց հիման վրայ պարտականութեանց ու պարտաւորութեանց վերաբաշխում կատարուեցաւ:
Այս վերակազմակերպումէն ծնաւ նոր կառոյց, զոր աշխատցնելու համար, անհրաժեշտ նկատուեցաւ նոր-նոր պաշտօններու աւելացումը:
Ստեղծուեցան վեց նոր պաշտօններ՝ դպրոցի առօրեայ պահպանման, շէնքային հոգատարութեան, բոլոր տեսակի գնումներու պատասխանատուի (Անոյշ Մանկասարեան), կրթական տեսուչի (Անէթ Պաղտասարեան, մասնակի ժամանակով, բայց տնօրէնի վկայութեամբ՝ շատ աւելի ծանրաբեռնուած աշխատանքով), արձանագրութեանց պատասխանատուի (Նազելի Շահինեան), աշակերտներու տեսուչ՝ արտադասարանային ծրագիրներ կազմակերպողի, խորհրդատու եւ աշակերտական ակումբներու գործերուն հսկողի (Սեդա Բադամեան), հոգեբանի (Իտա Գարայեան, մասնակի ժամանակով, շաբաթը մէկ օր) եւ դպրոցի կազմակերպական տեսուչի պաշտօն (Մարիէթ Քէշիշեան):
Վարչարարութիւն չէ որ հաստատուած է, կը պնդէ տնօրէնը: Ինք եւ ուսուցիչները նոյնքան անմիջական հսկողութիւն եւ ուշադրութիւն կը դարձնեն աշակերտներուն եւ կրթական ծրագիրներուն: Պարզապէս աշխատանքը աւելի լաւ դասաւորուած է՝ իւրաքանչիւրէն շատ աւելի արդիւնք ակնկալելով եւ ստանալով:
Այս նոր պաշտօնատեղիներու պիւտճէական ծանրաբեռնուածութիւնն ալ նկատելի չէ: Կրթաթոշակները միայն քառասուն տոլարով բարձրացած են այս տարի, 460էն հասնելով 500 տոլարի, սակայն այլ խնայողութիւններ, ինչպէս նաեւ ճիշդ ժամանակին հասած «Լինսի»ի մեծ օգնութիւնը, դպրոցի ծնողա-օժանդակ մարմնի անսակարկ նուիրումը եւ վարժարանի ուսումնական մարմնի հոգածութիւնը կը լրացնեն բացը ու ծանր վիճակի չեն մատներ դպրոցի պատասխանատուները:
Միւս կողմէ, որդեգրուած նոր ծրագիրները արդէն սկսած են արդիւնք տալու: Ծնողներու ներգրաւումէն անդին, կենսագործուած է համացանցային նոր դրութիւն մը, որ կարելի կը դարձնէ ծնողներուն ամէն օր մանրամասնօրէն հասու ըլլալ իրենց զաւակներու դասերուն, պարտականութիւններուն, արձանագրած արդիւնքներուն: Գիտնալ ու հասու ըլլալ կը նշանակէ հետեւիլ ու պահանջել աշակերտ-զաւակէն աւելի լաւ սորվիլ ու պարտականութիւնները ժամանակին կատարել:
Կը ծրագրուի այնպիսի դրութիւն մը հաստատել, ըստ որուն դասարանային աշխատանքները համացանցի միջոցաւ ամբողջութեամբ հասանելի կը դառնան, որպէսզի բացակայութեան մը պարագային, հնարաւոր ըլլայ աշակերտին դասաժամ չկորսնցնել:
Տակաւին այլ ծրագիրներ ալ կան «ապագայի դասարան»ը կառուցելու, դասարան մը, որ յագեցած պիտի ըլլայ ժամանակակից արհեստագիտական բոլոր բարիքներով ու սարքերով, որոնք ուսումը աւելի դիւրին, մատչելի ու դիւրամարս պիտի դարձնեն:
Կը հասնին այդ նպատակին: Տնօրէնը վստահ է, որովհետեւ շրջապատուած է օժանդակելու պատրաստ ծնողներով, որոնցմէ երկուքը՝ Լիլիան Արէճեանն ու Լենա Մարգարեանը ծուարած համակարգիչին առջեւ՝ կամաւոր գործ կը կատարէին իրենց յատկացուած յարմարաւէտ նոր սրահին մէջ, եւ որոնցմէ մէկ ուրիշին՝ Վահէ Մազմանեանին մասին, տնօրէնը երախտագիտութեամբ կը յիշէ, թէ ինչպէ՛ս անոր թելադրանքով եւ օժանդակութեամբ հնարաւոր դարձաւ երկու տարի առաջ «Լաքհիտ»էն 250,000 տոլար արժողութեամբ համակարգիչներ նուէր ապահովել:
Հիմա Նորայրը իր «քարայրին» մէջ կը շարունակէ աշխատիլ, տնօրէնը արդէն զիս ճամբելու անհամբեր նշաններ ցոյց կու տայ, ծնողները եկած են իրենց զաւակները տուն տանելու, եւ վերակազմակերպուած, վերաթարմացած «Շամլեան»ի ընտանիքը կրթական ոլորտի մէջ նոր թռիչքներու ու նոր իրագործումներու կը պատրաստուի: