Երեքշաբթի, 11 Նոյեմբերի երեկոյեան, Դաւթեան-Մարիամեան կրթական հաստատութեան նորընտիր վարչութեան անդամները այցելութիւն մը տուին Ազգ. առաջնորդարան եւ հիւրընկալուեցան առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի ու Ազգային վարչութեան կողմէ։ Պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէր վարչութեան ատենապետ Վահիկ Ծատուրեանը։
Հիւրերը Ազգային վարչութեան ժողովին ներկայանալով՝ ընդհանուր գիծերու մէջ տեղեկութիւններ փոխանցեցին հանրային վարժարաններ յաճախող աւելի քան հազար աշակերտներու հայեցի ուսում ջամբող հաստատութեան մասին: Աշխատանքը կը տարածուի շուրջ 20 վարժարաններու վրայ, Կլէնտէյլի ու մօտակայ աւաններու մէջ, իսկ անոր լծուած են շուրջ 50 հայ ուսուցիչներ եւ վարչական պատասխանատուներ։
Ներկայացուցիչները շնորհակալութեան խօսք ուղղեցին առաջնորդին ու Ազգ. վարչութեան, որոնք զօրավիգ ու աջակից են իրենց աշխատանքներուն։
Առաջնորդն ու Ազգ. վարչութիւնը բարձր գնահատեցին «Դաւթեան-Մարիամեան»ի սերնդակերտ գործը ու պատրաստակամութիւն յայտնեցին կարելի միջոցներով շարունակելու գործակցութիւնը։