Ութէջեայ այս ներդիրով կը ներկայացնենք Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Կաթողիկէ համայնքը, յատկապէս Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը: Համայնքին ու ժողովրդապետութեան անցեալին ու այժմու գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ ունենալու համար բազմիցս այցելեցինք Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Անտոն վրդ. Սարոյեանին, արժանանալով անոր հիւրընկալութեան ու գործակցութեան: Ան մեծապէս գնահատեց «Ասպարէզ»ի էջերէն հայ կաթողիկէ համայնքը ներկայացնելու մեր ծրագիրը, զայն համարելով գաղութահայ կեանքին ընդհանուր պատկերը ներկայացնելու շահեկան նախաձեռնութիւն, հիմնուած՝ փոխադարձ հասկացողութեան եւ յարգանքի վրայ: Հ. Անտոն վրդ. Սարոյեան մեզի տրամադրեց ներդիրի պատրաստութեան անհրաժեշտ տեղեկութիւնները:
Գեղեցիկ է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, իր համալիրով: Կլէնտէյլ պողոտայի եւ Մաունթըն փողոցի խաչմերուկին բազմած եկեղեցական այս համալիրը՝ իր երկնասլաց գմբէթներով եւ բազմաշերտ կառուցուածքով՝ հեռուէն իսկ կը գրաւէ մեր ուշադրութիւնը եւ բերկրանքով կը լեցնէ մեր հոգիները՝ իբրեւ խորհրդանիշ մեր հաւատքին, մշակոյթին եւ ինքնութեան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏ ՀԱՅՐ ԱՆՏՈՆ ՎՐԴ. ՍԱՐՈՅԵԱՆ
Ծնած է 1947ին, Դամասկոս: 1959ին կ’երթայ Զմմառեան Պատրիարքական միաբանութեան պատկանող Ճիւնիի (Լիբանան) փոքր նորընծայարանը, իբրեւ պատրաստութիւն ապագայ կղերական, միաբանական կեանքի: Այնտեղէն կը մեկնի Հռոմ, Իտալիա, եւ կը յաճախէ «Լեւոնեան» քահանայապետական Հայ Կաթողիկէ վարժարան-ընծայարանը: Երկու տարի կը յաճախէ միջազգային համբաւաւոր «Կրեկորիանա» համալսարանը, ապա կը փոխադրուի Լիբանան: Ուսումը կը շարունակէ քահանայապետական «Յիսուսեան» (St. Joseph) համալսարանին մէջ, ստանալով Մագիստրոսի տիտղոս՝ աստուածաբանութեան ճիւղին մէջ:
1974ին կը մեկնի Գերմանիա, ուր Ռաթիսպոն քաղաքի համալսարանին մէջ կ’աշակերտէ այդ ժամանակուան նշանաւոր, երիտասարդ աստուածաբանին՝ փրոֆ. Ժոզէֆ Ռացինկէրի, որ 2005ին ընտրուեցաւ Սրբազան Քահանայապետ Կաթողիկէ ընդհանրական եկեղեցւոյ՝ Պենետիկդոս ԺԶ Պապ:
1985ին Դամասկոսի (Սուրիա) մէջ կը ձեռնադրուի կուսակրօն վարդապետ, ձեռամբ ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Յովհաննէս-Պետրոս ԺԸ Գասպարեան կաթողիկոս-պատրիարքին: Իր առաջին գործունէութիւնը կը սկսի ծննդավայրին՝ Դամասկոսի մէջ, իբրեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ: Ապա, Պատրիարքին խնդրանքով կ’ուղղուի դէպի Լիբանան, ուր վեց տարի զանազան պաշտօններ կը վարէ: Միաժամանակ կը դասախօսէ քահանայապետական Սէնթ Էսփրի համալսարանի (քասլիք) աստուածաբանական բաժնին մէջ:
1992ին կ’ուղարկուի Մարսէյլ (Ֆրանսա), իբրեւ ժողովրդապետ տեղւոյն Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցիին: Երեք տարի կը վարէ Հռոմի «Լեւոնեան» քահանայապետկան Հայ Կաթողիկէ վարժարանի մեծաւորի պաշտօնը, իսկ 1998ին կը գործուղուի Միացեալ Նահանգներ, ստանձնելու համար Տիթրոյթի Ս. Վարդան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը: Իր պաշտօնավարութեան եօթը տարիներուն Հայր Անտոն վրդ. Սարոյեան մեծապէս կը նպաստէ եկեղեցւոյ բարեկարգման եւ համայնքի վերակազմակերպման աշխատանքներուն:
2005ի Յունիս 5ին, Մանուէլ եպս. Պաթագեան առաջնորդ եպիսկոպոսին կողմէ կը նշանակուի ժողովրդապետ՝ Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիին, պաշտօն մը, որ կը վարէ մինչեւ այսօր:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ԱՆՈՐ ԿԱՌՈՅՑԸ
Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին ըլլալով անդամ ընդհանրական Կաթողիկէ եկեղեցիին, իր կազմակերպչական եւ կառավարման ներքին յատուկ ձեւաւորումը ունի: Ժողովրդապետութիւնը, կամ Ժողովրդապետական եկեղեցին կը ներկայացնէ հաւատացեալներու յատուկ համախմբում մը, կամ հասարակութիւն մը, որ իր գոյութեան մէջ հաստատուած է առաջնորդ եպիսկոպոսին կողմէ, որ կը մնայ գերագոյն իշխանութիւնը՝ տեղւոյն կամ թեմի Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիին:
Ժողովրդապետութիւնը այն վայրն է, ուր կը համախմբուին համայնքի հաւատացեալները՝ աղօթելու, Աստուած պաշտելու եւ եկեղեցւոյ կենդանարար խորհուրդները ընդունելու, ծիսակատարութեան ընդմէջէն:
Ամէն ժողովրդապետութիւն ունի հոգեւոր հովիւ՝ ժողովրդապետ, որ կ’անուանուի եւ կ’որոշուի առաջնորդ սրբազանին կողմէ եւ կը ստանձնէ պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը քրիստոնէական հաւատքի քարոզչութեան, եկեղեցական խորհուրդներու մատակարարութեան, եկեղեցւոյ կառավարման եւ եկեղեցւոյ տնտեսական հարցերուն: Առաջնորդ եպիսկողոսին հովանաւորութեան ներքեւ ժողովրդապետ վարդապետը լիազօր իշխանութիւն ունի եկեղեցւոյ վերաբերեալ բոլոր հարցերուն մէջ: Հետեւելով Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ ընդհանրական Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կողմէ դրուած ցուցմունքներուն եւ տուեալներուն, իւրաքանչիւր ժողովրդապետութիւն ունի իր օժանդակ մարմինները, որոնք կ’որոշուին եւ կ’անուանուին ժողովրդապետ վարդապետին կողմէ:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւնը այժմ ունի եկեղեցական խորհուրդ, որ բաղկացած է վեց անդամներէ, ունենալով ժողովրդապետ վարդապետը, որպէս նախագահ եւ պետ: Եկեղեցական Խորհուրդը բարձրագոյն մարմինն է: Եկեղեցական Խորհուրդը եւ ժողովրդապետը միասին կը քննարկեն եւ ցուցմունքներ կու տան ժողովրդապետական եկեղեցական կեանքի ընթացքին: Այս մարմինը խորհրդակցական մարմին է եւ որոշումներուն իրաւասութիւնը վերապահուած է ժողովրդապետ վարդապետին: Այս մարմնին առընթեր կայ տնտեսական յանձնախումբը, որուն անդամները եւս կը նշանակուին ժողովրդապետին կողմէ, օժանդակելու եկեղեցւոյ՝ տնտեսական, դրամական, կալուածային հարցերուն շուրջ: Յանձնախումբին նախագահն է եկեղեցական խորհուրդի անդամ եւ մասնագէտ հաշուապահ մը: Երկու յանձնախումբերը վաւերական եւ պաշտօնական օրինական հարցերու վերաբերեալ ունին փաստաբան մը, որ այսօր կը վարէ եկեղեցական խորհուրդի նախագահի պաշտօնը: Պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով այս անհատը կին է:
Այս երկու մարմիններուն կից կայ գործնական գետնի վրայ աշխատող եւ ծառայող՝ Տիկնանց Միութեան յանձնախումբը, որուն յանձնուած է ժողովրդապետութեան ներքին կեանքի կազմակերպումը՝ հանդէսներու, ճաշկերոյթներու, Կիրակի օրուան պատարագէն ետք հիւրասիրութեան եւ զանազան մշակութային, գեղարուեստական եւ ազգային ձեռնարկներու գործադրութեամբ:
Ժողովրդապետութիւնը ունի նաեւ Երիտասարդաց միութիւն մը, որուն երիտասարդ անդամ-անդամուհիները իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն եկեղեցւոյ գործունէութիւններուն՝ եկեղեցական եւ ծիսական արարողութիւններու կարգապահութեան, տարեկան համայնքային մեծ ձեռնարկներու կազմակերպութեան, ինչպէս Ծնունդ, Զատիկ, Ապրիլ 24:
Այս չորս մարմինները եւ անոնցմէ բխած օժանդակ ենթայանձնախումբերը կը գործեն ժողովրդապետ վարդապետին ցուցմունքներուն եւ ուղղութիւններուն համաձայն, տալով եկեղեցւոյ միասնականութիւն եւ համերաշխութիւն, իրականացնելու ժողովրդապետութեան առաքելութիւնը՝ պահել ու պահպանել հայ մարդը որպէս հայ եւ որպէս հայ քրիստոնեայ եւ հայ կաթողիկէ քրիստոնեայ:
Ասոնց կից կայ նաեւ խորանին սպասաւորութեան խմբակ մը, բաղկացած պատանի եւ երիտասարդ անդամներէ, որոնք ստանձնած են ծիասկան արարողութիւններուն սպասաւորութեան պատասխանատուութիւնը. անոնք են սարկաւագները, բուրվառակիրները, քշոցակիրները, մոմակիրները, խաչակիրները:
Լոս Անճելըսի Հայ Կաթողիկէ համայնքը ունի երկու ժողովրդապետութիւն: Առաջինը, ուր համայնքը հիմնուած է, քաղաքամէջի «Թագուհի Մարտիրոսաց» ժողովրդապետութիւնն է, որուն ժողովրդապետն է Անտոն վրդ. Փանոսեան: Երկրորդը՝ Կլէնտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը, որուն ժողովրդապետն է Անտոն վրդ. Սարոյեան: Վերոյիշեալ երկու ժողովրդապետութիւնները կը գտնուին Միացեալ Նահանգներու եւ Գանատայի Կաթողիկէ Հայոց առաջնորդարանի իշխանութեան տակ, որուն կեդրոնը կը գտնուի Նիւ Եորք: Այժմ առաջնորդի պաշտօնը կը վարէ Մանուէլ եպս. Պաթագեան:
Լոս Անճելըսի մէջ կը գործեն հայ կաթողիկէ երկու վարժարաններ՝ Հայ Քոյրերու վարժարանը (Մոնթրոզ) եւ Մխիթարեան Հայրերու վարժարանը (Թահանկա):