Լոս Անճելըսի Հայ Քոյրերու վարժարանը’ Անարատ Յղութեան միաբանութեան հովանաւորութիւնը վայելող Միացեալ Նահանգներու երեք վարժարաններէն մէկն է, հիմնադրուած՝ 1985ին: 2007ին վարկաւորուած եւ պաշտօնապէս անդամակցած է վարկաւորման WASC ընկերութեան ընտանիքին։
Վարժարանիս առաքելութիւնն է’ Քալիֆորնիոյ կրթական օրինական ծրագրին զուգահեռ, հայ նորահաս սերունդին ջամբել՝ հայեցի դաստիարակութիւն եւ սորվեցնել՝ մշակութային արժէքներ, քրիստոնէական ազնուագոյն սկզբունքներ, սիրոյ արդիւնաբեր մթնոլորտի մէջ։
Ամերիկեան օրինական կրթական ծրագրի կողքին’ կը դասաւանդուի նաեւ սպաներէն՝ երկրորդէն ութերորդ դասարաններու համար եւ համակարգիչի դասեր՝ մանկապարտէզէն մինչեւ ութերորդ դասարան։
Հայ Քոյրերու վարժարանը ամերիկեան եւ հայկական բոլոր առիթներով կը կազմակերպէ դպրոցական ձեռնարկներ եւ կը մասնակցի միջդպրոցական բոլոր մրցոյթներուն։
Հ.Ք. վարժարանը նաեւ ունի մանկամսուրի բաժին, 2 տարեկանէն վեր փոքրերու համար, որպէս ապահովութիւն աշխատող ծնողներու։
Կը մատուցէ յետդպրոցական ժամերու սպասարկութիւն, առաւել մարզական եւ պարարուեստի դասընթացքներ։
Մոնթրոզի ապահով շրջանին մէջ, մայրուղիներու մօտ տեղ գրաւած այս դպրոցաշէնքը ունի յարմար եւ ընդարձակ կանգառ, ծնողներուն ապահովելով հանգիստ երթեւեկ։
Վարժարանի արձանագրութիւնները կը սկսին Ապրիլ ամսուան ընթացքին։
asamontrose.com
Հեռաձայն՝ 818-249-8783
Հեռապատճէն՝ 818-249-7288