ԵՐԵՒԱՆ. «Փանորամա».- Անցեալ շաբաթ, դրամատնային համակարգին յանձնուած գումարները աճած են 16.2 միլիառ դրամով եւ, առաջին անգամ ըլլալով, կազմած են մէկ թրիլիոն դրամ: Կեդրոնական դրամատան հաղորդագրութեան համաձայն, դրամատուներուն մէջ գլխաւորաբար աճած են թղթակցային հաշիւները, դրամատնային ծառայութիւններու պահանջները, կանխիկ դրամական միջոցները եւ վարկերը: