Գողերու տեսակներով լեցուն է աշխարհը: Ոմանք մեծ գողեր կը նկատուին, իսկ ուրիշներ՝ աննշան: Անձ մը, որուն ինքնաշարժին ապակին կոտրելով՝ ձայնասփիւռը գողցած էին, պնդելով կ’ըսէր, թէ «ձայնասփիւռի գող» մը կոտրած է իր ինքնաշարժին ապակին: Ինք այն համոզումը ունէր, թէ այդ գողը եթէ նոյնիսկ ինքնաշարժին մէջ մոռցուած դրամ տեսնէր, չէր առներ, ու ինք միայն իր նպատակադրած գողութիւնը կը կատարէր եւ խոյս կու տար:
Արհեստի մէջ գողութիւնը, որ շահոյթի չափազանցումին տրուած այլ անուն մըն է, մանր «գողութիւն» կը նկատուի, եւ հետեւաբար՝ արտօնուած…: Սա գայթակղութեան քար կը դառնայ ոմանց, տրուած ըլլալով որ բարոյական սկզբունքները երկու չափի չեն կրնար հետեւիլ, ո՛չ ալ երկու կշիռ կրնան ունենալ: Ազատ շուկայական դրութիւն ունեցող երկիրներու մէջ, երբեմն չափազանցուած ազատութիւնը պատճառ կը հանդիսանայ անիշխանութեան, որուն «տուրքը» կը վճարէ պարզ քաղաքացին, որոշուած սակերուն երբեմն կրկնապատիկ գինով իր գնումը կատարելով:
Մեծ կամ փոքր գողութեանց մասին չէ՛ սակայն մեր այս գրութեան նիւթը, այլ՝ ամէնէն մեծ գողութեան՝ Աստուծոյ քսակէն դրամ գողնալու մասին…:
Անմիջապէս կրնայ առարկուիլ, թէ՝ աննիւթեղէն Գերագոյն Էակը՝ Աստուած, նիւթեղէն պարունակի մէջ գտնուող բազմապիսի կարիքներով մարդուն ստեղծած նիւթեղէն հարստութեան՝ դրամին ի՞նչ կարիք ունի: Կամ՝ արդեօ՞ք Աստուած ալ մարդկային հաշուետոմարներ պահելով՝ գումարներ կը գանձէ երկնքի մէջ, կամ նիւթեղէն հարստութիւն կը դիզէ ամպերու ետին, որ կարելի ըլլայ հասնիլ հոն եւ գողնալ…:
Շա՜տ հին, բայց միշտ այժմէական պատմուածք մը իրական կեանքէ քաղուած, առիթ հանդիսացաւ, Աստուծոյ քսակէն փոխաբերական իմաստով գողութիւն կատարելու մեղքին անդրադառնալու:
Դէպի Երուսաղէմ ուխտագնացութիւնները, աշխարհի զանազան քաղաքներուն մէջ ապրող քրիստոնեաներուն համար կը մնան միշտ ցանկալի երազ մը: Նոյն եւ աւելի՛ հաւատքով, մեր նախնիք եւս, ըլլան անոնք թագաւորներ ու թագուհիներ, իշխաններ եւ իշխանուհիներ, իշխանազուններ, այցելած են Տիրակոխ վայրերը, եւ իրենց նիւթական կարողութեան համապատասխան չափով իրենց կնիքը թողած այնտեղ, բարեզարդելով Տէրունի սրբավայրերը:
Կը կարդանք, որ Համաքրիստոնէական եկեղեցւոյ սուրբերէն Հեղինէ թագուհին՝ Մեծն Կոստանդիանոս կայսեր մայրը, ուխտագնացութեամբ Երուսաղէմ մեկնեցաւ 326 թուականին եւ այնտեղ յայտնաբերեց Քրիստոսի իսկական խաչափայտը: Այդ առիթով ան շինել տուաւ Սուրբ քաղաքին շարք մը եկեղեցիներն ու մատուռները, ինչպէս նաեւ կուսանոցներ այնտեղ ճգնող կոյսերուն համար, որոնց սեղանին ինք իբրեւ աղախին սպասաւորեց, պատմական տուեալներու համաձայն: Ահաւասիկ բարեպաշտական ջերմ զգացմամբ ազնուական մը, որուն օրինակին շատեր հետեւեցան հետագայ դարերուն: Կիլիկեան շրջանի թագաւորներն ու իշխաններն ալ մեկնած են Երուսաղէմ իբրեւ ուխտաւորներ եւ զանազան յիշատակներ թողած այնտեղ՝ հարստացնելով եկեղեցական-ազգային մեր գանձատունը:
Կը պատմուի, թէ հաւատացեալ մարդ մը, որ գորգի մեծ վաճառական էր, ուխտեց Երուսաղէմ երթալ եւ Յիսուսի քալած հետքերով ընթանալ Ս. երկրին մէջ, ու հաւատքով լեցուած վերադառնալ իր քաղաքը:
Ուղտերու իր հարուստ կարաւանին ան կը բեռցնէ քանի մը ամսուան պաշար, պէտք եղածին չափ դրամ կը կապէ իր գօտիի գրպաններուն, որպէս նախապատրաստութիւն իր ճամբորդութեան: Սովորութիւն ըլլալով սրբավայրերուն համար անպայման նուէրներ տանիլ, գորգավաճառ ուխտաւորը թանկագին մեծ գորգեր ոլորելով՝ կը կապէ իր ուղտերուն կռնակին, փափաքելով որ անոնք փռուին Քրիստոսի գերեզմանին վրայ կառուցուած տաճարին մէջ:
Օրերով ճամբորդելէ ետք, կ’անցնի զանազան քաղաքներէ, իր մարդոցմով կը դիմադրէ ճամբու ընթացքին զինք կողոպտել փորձող հրոսակներուն, եւ ի վերջոյ ողջամբ կը հասնի Երուսաղէմ: Ապա մտնելով վանքէն ներս՝ կը տեղաւորուի ուխտաւորներու յատուկ խցիկներէն մէկուն մէջ: Նոյն օրն իսկ լուսարարապետին կը տեղեկացնէ, թէ ուխտի նուէրներ ունի բերած եւ կը փափաքի որ տաճարին մէջ փռուին անոնք, ի հանգիստ իր բոլոր ննջեցեալներու հոգւոց:
Փափաքը կը կատարուի: Դասին ու ատեանին գլխաւոր բաժինները արժէքաւոր այս գորգերով կը պատուին, առաւել շքեղութիւն մը տալով խորհրդաւոր սուրբ տաճարին:
Գիշերը, երբ ամէն մարդ հանգիստ կը նիրհէր, միաբան մը, որ ծուխի հոտ մը առնելով արթնցած էր, կը մօտենայ փակ դռներով տաճարին, ու անոր դրան տակէն կը նշմարէ դուրս եկող ծուխը: Անմիջապէս ահազանգ կը հնչեցնէ ու կը վազէ դէպի լուսարարապետին սենեակը: Իր առաջացուցած աղմուկէն, ամբողջ միաբանութիւնը կ’արթննայ: Կ’արթննան նաեւ բոլոր ուխտաւորները, որոնք զանազան քաղաքներէ եկած, տեղաւորուած էին իրենց յատկացուած խուցերուն մէջ: Ստեղծուած խուճապը, ամէնքը միասին կը տանի դէպի տաճար եւ հսկայ բանալիներով դուռը բանալէ ետք կը տեսնեն, թէ նոր նուիրուած գորգերը ամբողջութեամբ մոխրացած էին, առանց վնասելու այնտեղ գտնուող մնացեալ իրերուն…: Բայց ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս: Երկրորդ հարցումին պատասխանը յստակ էր, որովհետեւ անկարելի էր, որ մէկը կայծ տուած ըլլար: Տաճարը փակուելէ առաջ ամէն բան կը ստուգուէր, որպէսզի հրդեհ չպատահի: Սակայն ամէնուն մտքին մէջ կար նաեւ առաջին ու հիմնական հարցումը. ինչո՞ւ…: Բնականաբար գորգերուն բարերարը, որ ապշահար կը դիտէր ամէնուն աչքերուն առջեւ ծխացող իր նուիրած թանկարժէք գորգերը, կը կանչուի լուսարարապետին սենեակը: Մարդը հազար բացատրութիւն կու տայ, թէ ատոնք իր վաճառատան մէջ ծախու դրուած թանկարժէք գորգեր էին, զորս յատուկ կերպով հիւսել տուած է իսկական մետաքսեայ թելերով: Սակայն, յանկարծ կը յիշէ իր առած մէկ որոշումը, եւ երբ առանձին կը մնան լուսարարապետին հետ, կը խոստովանի իր յանցանքը ու ներում կը հայցէ Աստուծմէ:
Գորգերուն բարերարը կ’ըսէ, թէ իր մանկութեան, ծնողներէն սորված էր շաբթուան վեց օրերուն աշխատիլ եւ եօթներորդ օրը հանգիստ ընել, համաձայն աստուածային պատուիրանին: Սակայն ինք տեսնելով, թէ իր վաճառատան կողքի ոչ քրիստոնեայ հարեւանները Կիրակի օրերն ալ կը բանան իրենց վաճառատունը եւ մեծ շահ կ’ապահովեն, ինք ալ կ’որոշէ Կիրակի օրերը առեւտուր կատարել, սակայն մէկ պայմանաւ. Կիրակի օրերու շահը մէկ կողմ պիտի դնէր, անոնցմով Աստուծոյ տաճարին նուէր առնելու համար: Ու այդպէս ալ կ’ընէ տարեվերջին: Եւ կ’եզրակացնէ իր խօսքը ըսելով.
– Ահա այդ հաւաքուած գումարին արժէքով մեծագին գորգեր առնելով իմ վաճառատունէս, եկայ այստեղ իմ ուխտս կատարելու եւ այդ առթիւ զանոնք Աստուծոյ տաճարին նուիրեցի:
– Տղա՛ս,- կը յարէ ծերունազարդ եկեղեցականը,- բայց դուն Աստուծոյ քսակէն գողցեր ես այդ գումարը: Կիրակին Աստուծոյ կը պատկանի: Այդ օրը առեւտուր կարելի չէ կատարել, ո՛չ ալ սակարկութեան մտնել Աստուծոյ հետ՝ առօրեայի ու Կիրակիի դրամական հաշիւները բաժնուելով: Աստուած իր օրինակով հանգիստ թելադրեց մարդուն ո՛չ թէ իր հաշւոյն աշխատելու համար, այլ՝ զինք պաշտելու համար:
Աստուածապաշտութիւնն է հիմը ամէն բարիքի: Այլապէս, Անոր ընծայուած ամէն տեսակի նուէրները անարժէք կը դառնան, ու այսպէս կը մոխրանա՜ն: Աստուած Աբէլին ընծան կը նախընտրէ, մաքո՜ւր, սո՜ւրբ, անարա՜տ, անխարդա՜խ…:
Իսկ դուն, որ կ’ընթերցես այս պատմուածքը, կը համարձակի՞ս Աստուծոյ քսակին դպչիլ: Վաճառականին նուիրած գորգերը այրեցան ու մոխրացան: Ե՞րբ պիտի սորվինք պատմութենէն դասեր քաղել…: