ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ, «Ռոյթըրզ».- Իսրայէլի նշանաւոր թերթերէն «Հաարեց» Հինգշաբթի, Փետրուար 5ին հրատարակեց խմբագրական մը, ուր խստօրէն կը քննադատուի Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողանի կողմէ Իսրայէլի հասցէին կատարուած յայտարարութիւնները:
Թերթը «երկերեսութիւն» կ’որակէ Էրտողանի քաղաքականութիւնը, սակայն կ’աւելցնէ, թէ անոր այս քայլը պէտք չէ վնաս հասցնէ Իսրայէլ-Թուրքիա յարաբերութիւններուն։
Թերթը նաեւ կը զգուշացնէ բոլոր այն պաշտօնատարները, որոնք Էրտողանին հետ գործ կ’ունենան, որովհետեւ Տաւոսի միջադէպէն առաջ իսկ, Էրտողան իսրայէլացի ղեկավարները անարգած էր:
«Հաարեց» կը գրէ, որ Էրտողան, Իսրայէլը քննադատելու ընթացքին կը մոռնայ իր երկրի անցեալին մութ էջերը։ «Ոչ, ոչ, չկարծուի, որ կ’ակնարկենք 1915ին հայերու դէմ գործադրուած սպանդին, այլ կ’ակնարկենք 1990ական թուականներու այն պատահարներուն, երբ Թուրքիա, ահաբեկչական հռչակուած Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դէմ իր պայքարին ընթացքին, հարաւարեւելքի մէջ 3500 քրտական գիւղեր ոչնչացուց։ Հարիւր հազարաւոր քիւրտեր առանց բնակարանի մնացին եւ պարտաւորուեցան գաղթել դէպի մեծ քաղաքներ», կը գրէ թերթը։
Թերթը կը նշէ, որ երկու երկիրները իրարու պէտք ունին եւ թէ երկուքին միջեւ զարգացած է ռազմավարական աննման զօրակցութիւն մը։ Այս զօրակցութիւնը այլեւս կախեալ չէ կառավարութիւններու տեսակէն կամ թէ այս կամ այն շրջանին գործի գլուխ եկող վարչապետներէն։