«Արուեստ»ի դերասանները իրենց մասնակցութիւնը եւ ներկայացումը կը բացատրէին լիցքաթափուելու պահանջքի մը ընդմէջէն: «Սիսիան» նորակազմ թատերախումբի կողմէ Պերճ Զէյթունցեանի «Մեծ Լռութիւն»ը թատերախաղը ներկայացնելու յանդուգն քայլը կարելի է բացատրել լիցքաւորուելու եւ լիցքաւորելու ներքին պահանջէ մը, որ կրնայ եկած ըլլալ բեմադրիչ՝ Րաֆֆի Սարեանէն, որուն սակայն կարելի չէ մեղսակից չնկատել նաեւ իւրաքանչիւր դերասան ու կազմակերպիչ՝ փոքրիկն Հայկ Կարկալոյեանէն սկսեալ՝ մինչեւ Ալին Պզտիկեանը կամ Տիգրան Պապիկեանը:
«Լարք»ը բարի եղած է սրահ տրամադրելու «Սիսիան»ին, փորձերուն համար: «Ասպարէզ»ի համար նկարելու պարտաւորութիւնը ինքնակամօրէն ու սիրայօժար ստանձնած Նորա Եագուպեանին հետ կ’երթանք «Լարք»: Տեսանք խումբը ու առաջին իսկ պահէն զիս հետաքրքրեց, թէ ինչպէս կազմուած է այս քսաներեք հոգիէ բաղկացած տարբեր տարիքի հաւաքականութիւնը, որուն իւրաքանչիւր անդամը գիտակից որոշում մը առած է ահա արդէն վեց ամիս շաբաթական երկու երեկոյ տրամադրելու այս ծրագիրին:
Բեմադրիչը ինքը հաւաքած է կազմը եւ «Համազգային»ը անոր զօրակցելու ճիշդ որոշումը առած է:
Րաֆֆի Սարեանի երկու զաւակները՝ Հայբերդը՝ Կոմիտասի դերով, եւ Սիսիանը իբրեւ ջութակահար, մաս կը կազմեն այս ձեռնարկին: Հայբերդի ձայնը եւ լրջութիւնը ոչ մէկ ձեւով անոր այս ոլորտին մէջ նորեկ ըլլալու մասին կը խօսին: Հաւանաբար ալ զինք նորեկ պէտք չէ նկատել, պարզ այն պատճառով որ մասնակից եղած է «Լարք»ի կողմէ քանի մը օփերեթներու ներկայացման: Սիսիանը, որուն անունը կը կրէ խումբը, գիտէ իր անուանակից զանգեզուրեան քաղաքին մասին: Հայրը՝ Րաֆֆին, տարիներ առաջ այնտեղ եղած է ու հանդիպած իմ ալ ընկերներուս: Արդէն իմ կողմէ դրական նախապաշարուելու բոլոր պայմանները ստեղծուած էին:
«Ասպարէզ»ի աշխատակից Գէորգ Պետիկեան առանձին հարցազրոյցով ներկայացուցած էր բեմադրիչն ու թատրոնը: Միայն այստեղ թերեւս կ’արժէ աւելցնել, որ «Համազգային»ի կողմէ յառաջացուած է յանձնախումբ մը, բաղկացած վեց անդամներէ, որոնք ստանձնած են ներկայացման կազմակերպական աշխատանքները, տոմսերու վաճառքը, եւ այլն: Յանձնախումբի անդամներն են Լուսին Չուխաճեան, Ալին Պզտիկեան, Սօնա Յարութիւնեան, Դալար Խարաճեան, Սագօ Պէրպէրեան եւ Տիգրան Պապիկեան:
Փորձը սահուն կ’ընթանար: Հայբերդի դերակատարութիւնը, շեշտը, յուզականութիւնը համոզիչ էին: Խումբի պատանի անդամները նախ ջարդի պատմութեան հետ այսպիսի մօտիկութեամբ հաղորդակցելով՝ իրենց հասակակաիցներէն բոլորովին տարբեր մակարդակի գիտակցութեամբ ու լրջութեամբ մը կը ներարկուէին: Կարելի է հակադրել այս խումբը բազմահազար այլ տարեկիցներու կամ անոնց ծնողներու դիրքորոշումին, որ աւելի հակուած է հեռու մնալ՝ նոյն այդ ծանրութենէն, լրջութենէն կամ գիտակցութենէն պաշտպանուելու համար:
Այս տղաքն ու աղջիկները, որոնց մէջ Կոր Վխկրեանը ազգային Ալէք Փիլիպոս վարժարանի շրջանաւարտ է, մինչ Սամուէլ Սիրականեանը հայերէն կարդալ չի գիտեր ու իր տողերը անգլերէն տառերով կը կարդար, տարբեր պիտի մեծնան, վստահաբար: Մենք ալ, որ պիտի նայինք «Մեծ Լռութեան» իրենց մեկնաբանութեան՝ Րաֆֆի Սարեանի ղեկավարութեամբ, տարբեր ձեւով պիտի գնահատենք զիրենք:
Աստղիկ Սինայեանի մենապարը հմայիչ էր: Տասնվեցամեայ այս աղջնակին հեզաճկուն շարժումները, իր ամօթխած գեղեցկութիւնը նախաճաշակ մը պարգեւեցին մեզ՝ ներկայացման ընդհանուր պատկերէն:
Կը սպասենք ներկայացման թուականներու հրապարակման:
Հ.- Ինչո՞ւ Պերճ Զէյթունցեանի «Մեծ լռութիւն» խաղի բեմականացումը:
Պ.- Պէտք է, ըսել, որ դիւրին գործ մը չէ այս մէկը: Զէյթունցեանի այս թատերախաղը զուտ հայկական է իր ոգիով եւ բովանդակութեամբ: Այս մէկուն միջոցով մշակութասէր հանդիսատեսը պիտի ճանչնայ Ապրիլ 24ի ահաւոր գիշերուան ընթացքին, հայ ժողովուրդի զաւակներուն դէմ նախածրագրուած դաւին մանրամասնութիւնները: Մէկ խօսքով, անզուգական եւ մեծ բանաստեղծ Դանիէլ Վարուժանի կեանքի վերջին օրերու ներկայացումն է՝ գեղեցիկ, լուրջ եւ պատմական տուեալներով բովնադակալից:
Միւս կողմէ, խումբին երիտասարդ դերասանները ընդհանրապէս, ու խաղին ներկայ գտնուող մշակութասէրը յատկապէս, պիտի ճանչնան մեր գրականութիւնը, մեր ճակատագիրը: Իբրեւ տարիներու փորձառութիւն ձեռք ձգած դերասան եւ բեմադրիչ, թատերախաղը իր սոսկ վիճակին մէջ չեմ պահած, այլ պահելով հանդերձ Զէյթունցեանի ոգին եւ ոճը, առանց սակայն խեղադիւրելու անոր ձեւն ու բովանդակութիւնը, անոր ամբողջ տեւողութեան, փորձած եմ զայն երաժշտութեամբ, պարով եւ լոյսերու խաղերով հարստացնել ու միաժամանակ գունաւորել՝ առաւել որակ եւ կշիռք տալով թատերախաղին:
Կը հաւատամ, որ նման նիւթի մը ներկայացման շուրջ համախմբելով թատերասէր հանրութիւնը՝ որակը պէտք է խաղայ իր բարերար դերը ու այս ձեւով ներգրաւէ մշակութասէր միտքն ու ոգին: Ու այս նպատակին համար «Համազգային»ն ու ես ոչինչ խնայած ենք:
Հ.- Քանի մը խօսք՝ «Սիսիեան» թատերախումբին մասին:
Պ.- Նախ կ’ուզեմ բացայայտել, որ թատերախումբը իր այս խաղով առաջին անգամն է, որ հանրութեան պիտի ներկայանայ:
Անկասկած, որ ինքնին այս ձեռնարկը իր բարերար ազդեցութիւնը պիտի ունենայ ապագայի մեր ծրագրումներուն եւ խաղացանկերուն վրայ: Խումբը կը բաղկանայ 35 անդամներէ՝ 2 ու կէս տարիքէն մինչեւ մեծ տարիքաւորներ: Սակայն գլխաւոր դերակատարներուն թիւը 8 է: Չեմ ուզեր առաւել խորանալ հրամցուելիք նիւթին մէջ՝ բացայայտելով ամէն իրողութիւն, այլ կ’ուզեմ, որ ինք՝ հանդիսատեսը, դատէ եւ կշռէ: Սակայն կ’ուզեմ բաժնել իմ անսահման խնդակցութիւնս ու երախտիքս խումբի բոլոր դերասաններուն, մեծէն մինչեւ փոքրը, որոնք ճշդապահօրէն ներկայ կը գտնուին իրենց համար որոշուած փորձերուն ու համբերութեամբ, յարգանքով ու սիրով կ’ընդունին ամէն ցուցմունք եւ թելադրանք:
———————————————————————————————————————-
THE LIST OF THE ACTORS
Lead Actors:
Raffi Sarian – Daniel Varoujan
Razmik Shahgaldians – Ruben Sevak
Heibert Sarian – Komitas
Rita Aharonian – Araxi (Wife of Daniel Varoujan)
Astghik Sinayan- Araxi
Gor Vkhkryan – Erevum
Shushan Akopyan – Iskuhi
Dikran Babikian – Jemal Oghouz Bay
Arsen Jamkotchyan – Daniel Varoujan in youth
Alex Aharonian – Vahram Papazyan in youth
Supporting Roles:
Emily Veronik (Daniel Varoujan’s daughter)
Hayk Gargaloyan – Armen (Daniel Varoujan’s son)
Samvel Sirakanyan – Suren
Maryana Vardanyan – Vardan
Gevorg – Turkish chef police officer
Hovsep – Turkish policeman
Manavas Movses – Deaf old man
Norik Margaryan – Priest
Vidok Sinayan – Young boy
Linette Kashani – Mayr Hayastan
Sisian Sarian – Violin
Narine Shakhramanyan – Woman in jail cell scene
Nune Shakhramanyan – Young woman in jail cell scene