Մանկութեանս, մեր թաղի բնակիչներէն իւրաքանչիւրը իր խառնուածքին բերումով անգիտակցաբար ստեղծած տիպարով, կը տպաւորէր մեզ: Մէկը իր բարկացոտ ու ջղային արտայայտութիւններով, միւսը յանդգնութեամբ, երրորդ մը բացայայտ կռուազանութեամբ, ուրիշ մը համբերատարութեամբ, այլ մէկը՝ գոռոզութեամբ եւ այսպէս, իւրաքանչիւրը իրեն յատուկ նկարագրային գիծով, որ առհասարակ նոյնացած կ’ըլլար տուեալ անձին անուան:
Կար տարեց, սակայն առողջ կին մը, որ կանուխ պատանութեանս արդէն կնքեց իր մահկանացուն, Աստուած ողորմի՛ հոգիին, աներեւակայելիօրէն դժուարահաճ էր: Գանգատող չէ՛ր, բողոք չունէր մէկու մը դէմ, սակայն կարելի չէ՛ր զինք բաւարարել, նոյնիսկ գովեստով կամ հանգստաւէտ պայմաններով:
Թաղի բնակիչները ամէնքն ալ կը ճանչնային զինք բնականաբար, որովհետեւ ներկայի նման յարկաբաժնիններ կամ առանձնատուներ չկային, այլ՝ կողք-կողքի բնակարաններ էին՝ իրարու կպած պատերով, ընդհանրապէս երկյարկանի, ամէնէն բարձրը՝ եռայարկ, որ արդէն շէնք կը համարուէր:
Մարիամ քոյրը,- այսպէս կը կոչուէր այդ կինը,- կարծէք Աստուծմէ նեղուած ըլլար զինք ստեղծած ըլլալուն համար…: Աշխարհի վրայ գտնուող ամէն ինչէ կրնար նեղանալ, ընդամէնը քանի մը վայրկեանի ընթացքին: Նոյնիսկ ամէն օր իր գործածած իրերը քանի մը վայրկեան գործածելէ ետք, թերի կը նկատէր, ուրիշ տեսակ մը կը փնտռէր, աւելի լաւը կը յուսար ունենալ, կը հարցնէր տարբեր առաւելութիւններ ունեցող այս կամ այն առարկային մասին, եւ այլն:
Նման վերաբերում իր սեփական տունէն ներս, իր իսկ ընտանեկան շրջապատին մէջ, թերեւս տանելի ըլլար: Սակայն հարեւաններու մօտ ատիկա նեղութիւն կը պատճառէր յաճախ: Ամէնէն սովորական դժուարահաճութիւնը Մարիամ քրոջ, ի յայտ կու գար իր տուած այցելութիւններուն ընթացքին: Տուն մը մտնելէ ետք, նախապէս իր կատարած այցելութիւններուն ընթացքին սովորաբար նստած տեղը կը գրաւէր: Քիչ ետք կը սկսէր անհանգստութեան նշաններ ցոյց տալու, իբրեւ թէ անհանգիստ նստարանի մը վրայ նստեցուցած էին զինք… Ի՛նք ալ գիտէր անշուշտ, որ անցած անգամ իր նստած նոյն տեղն է, որ գրաւած էր այսօր ալ: Սակայն, դժգոհութիւն պէ՛տք էր յայտնէր, որովհետեւ դժուարահաճ էր…: Տնեցիները զինք գոհ պահելու համար, մէկը աջէն, միւսը ձախէն բարձեր կը բերէին, մէկը դնելու համար իր կռնակին ետին, միւսը թեւին տակ՝ հանգստաւէտ ու յարմարաւէտ պայմաններ ստեղծելու համար իրենց դժուարահաճ հիւրին: Բայց այդ փափուկ ու հանգստաւէտ բարձերը հազիւ քանի մը վայրկեան զինք բաւարարելու ուժ կ’ունենային: Շուտով անոնք Մարիամ քրոջ համար կը դառնային քարի կտորներու պէս ծանր ու աւելորդ կարծրութիւններ, եւ անոնց անհանգստութիւն պատճառելուն մասին քանի մը ծանր նախադասութիւն ըսելով՝ իր մօտէն կը շպրտէր, առանց նուազագոյն փափկանկատութիւնը ունենալու տանտիրոջ նկատմամբ: Ստիպուած, զինք տարբեր աթոռի մը վրայ կը նստեցնէին, տարբեր անկիւն մը կը տրամադրէին, նոյնիսկ նոյն սենեակին մէջ նստած անձ մը կը տեղափոխէին, անոր տեղը տալու համար Մարիամ քրոջ, միայն թէ կարենային գոհ պահել զինք: Այս բոլորն ալ անշուշտ շատ կարճ ժամանակի համար եղած դասաւորումներ կ’ըլլային, որովհետեւ դժուարահաճ կինը շուտով անոնցմէ ալ գոհ պիտի չի մնար, եւ մինչեւ այդ տունէն հեռանալը, հանգիստ տեղ մը պիտի չի՛ կարենար գտնել նստելու համար:
Իր այս դժուարահաճ բնաւորութեամբ, Մարիամ քոյրը երբեմն ծիծաղի առարկայ կը դառնար թաղի բնակչութեան մօտ: Սակայն այդ ծիծաղը միշտ եղած էր սեղմ շրջանակի մէջ, տունէ մը ներս պատահած դէպքի մը սահմաններուն մէջ, մինչեւ այն օրը, երբ Մարիամ քոյր իր դժուարահաճութեան տուաւ բացառիկ արտայայտութիւն մը. ահա թէ ի՛նչ պատահեցաւ.
Այդ օրերուն ամէն տան մէջ պատի լարուող ժամացոյցներու կարելի չէր հանդիպիլ: Բարեկեցիկ կամ հարուստ տուներու առանձնաշնորհն էր ատիկա: Քանի մը թաղեցիներ իրենց տանիքին վրայ, կամ եթէ բակով տուն ունէին՝ բակին մէջ կը պահէին հաւ ու աքլոր: Շատեր այդ աքլորներուն կանչէն կ’իմանային օրուան ո՞ր ժամը հասած ըլլալը: Թէեւ քաղաքի բնակիչներ էինք, սակայն գիւղական մթնոլորտ մը կը պարգեւէին մեզի աքլորները, Աստուծոյ ստեղծած այդ բնական «ժամացոյց»ները:
Դժուարահաճ կինը կարծէք ամբողջացուցած ըլլալով իր շրջապատին մէջ գտնուող ամէն ինչի նկատմամբ իր դժգոհութիւնը՝ օր մը կը դժգոհի իրենց դրացիի աքլորին կանչէն: Կ’երեւի թէ այդ օրն ալ քանի մը առիթներով կանչած էր խեղճ աքլորը, ճիշդ խանգարուած ժամացոյցի մը պէս, որ ի ժամու եւ ի տարաժամու կը հնչեցնէ իր հարուածային նուագը:
Մարիամ քոյրը իր դժգոհութիւնը գործնապէս կ’արտայայտէ այս անգամ: Կանացի հին գուլպայի մը բարակ կապը առած՝ կը մտնէ դրացիին բակը եւ աքլորը բռնելով կը կապէ անոր կտուցը… Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը եւս թերի կը գտնէ ան՝ աքլորին կանչը նկատելով խանգարիչ ու միանգամայն ձանձրացուցիչ: Դրացիներ լսելով հաւերուն խուճապահար կտկտոցը եւ աջ ու ձախ վազվզուքը, կը խուժեն բակ եւ կը տեսնեն կտուցը կապուած աքլորը… Սակայն, ի զարմանս ամէնուն, աքլորը իր բնութիւնը կ’իրագործէ, ու կապուած կտուցով, կոկորդային ձայնով մը դարձեալ կանչելու պէս ձայն մը կ’արտաբերէ, ներկաներուն ծիծաղը եւ զայրոյթը միախառնելով…:
Մարիամ քրոջ նման անձեր այսօր ալ կան: Թերեւս աւելի անմեղ ըլլար ան, որովհետեւ անուս կին մըն էր, տառապած ու յոգնած: Մինչ այսօրուան «Մարիամ քոյր»երը երբեմն զարգացած են, սակայն աշխարհէն նեղուած վիճակ մը ունին: Ոմանց նկատմամբ մեր ունեցած յաւելեալ յարգանքը, զիրենք շփացածութեան կ’առաջնորդէ: Այդպիսի պարագաներուն միշտ կը յիշեմ ծերունիի մը տուած խրատը. ան կ’ըսէր, թէ իւրաքանչիւր մարդուն պէտք է իրեն համապատասխան յարգանք ընծայես, այլապէս կրնայ խորհիլ, որ ինք աւելիի՛ն արժանի է եւ դուն նուազ կը մեծարես զինք… Մէկ խօսքով, իրենց նկատմամբ ունեցած յարգանքդ չեն հաւնիր, ու աւելի՛ն կը պահանջեն: Երբեմն այնքան յառաջ կ’երթան, որ ուրիշներու ներկայութեան իրենց անարժէք վերաբերումով քու արժէքդ կը փորձեն նուազեցնել, արժեզրկելով վաստակդ, համբաւդ եւ անունդ:
Դժուարահաճ մարդիկ են ասոնք, որոնց դաստիարակութեամբ չ’արժեր զբաղիլ, ո՛չ ալ ժամանակ տրամադրել անոնց ձեւական մեծամտութեանց: Այլ՝ թող պէտք է տալ, որ իրենց վառած կրակով իրե՛նք միայն այրին, առանց քեզ ալ իրենց հետ այրելու: Մարիամ քոյր, իր դժուարահաճութեան պատճառաւ, մինչեւ իսկ յիմար արարքի մը դիմեց եւ աքլորին կտուցը կապելով՝ ամէնուն ծիծաղին առարկան դարձաւ:
Կ’ընդունինք, թէ մարդկային կեանքին մէջ թերութիւններ կան, սակայն Աստուծոյ ստեղծագործութիւնը կարելի չէ՛ քննադատել, եթէ նոյնիսկ մեր հայեացքով թերութիւններ նկատենք այնտեղ: Իսկ մարդը, որ այդ ստեղծագործութեան փառքն ու պսակն է, իր թերութիւններուն կողքին ունի նաեւ Աստուածատուր համբերութիւն՝ ծածկելու համար զանոնք: