«Հայեացք» ակումբին մէջ Մարտ 6ին ելոյթ ունենալով՝ Ժառանգութիւն կուսակցութեան վարչութեան նախագահ Անահիտ Բախշեան յայտարարած է, թէ երկրէն ներս առկայ ճգնաժամը թեւակոխեց նոր հանգրուան մը, անմիջականօրէն անդրադառնալով տնտեսութեան ու ժողովուրդի հասարակական վիճակին վրայ, հաստատելով, թէ դրամի փոխարժէքի արհեստական սանձումը, լողացող քաղաքականութեան վերակենդանացումը եւ դրամի աստիճանական արժեզրկման ընտրութեան տեւական մերժումը առաջնորդեցին Հայաստանի դրամի 30 տոկոսով արժեզրկման եւ գահավիժումի:
Կուսակցութիւնը այս վիճակը կը համարէ փաստ, թէ իշխանութիւնները երկիրը չէին նախապատրաստած վերահաս ճգնաժամի, եւ ձախողած են Հայաստանը դրամատնտեսական եւ հասարակական ցնցումներէ զերծ պահելու իրենց յանձնառութեան մէջ: Դեռ աւելին, «Ժառանգութիւն»ը կը կարծէ, թէ կացութիւնը կը ծառայէ խումբ մը կեղեքիչներու՝ յաւելեալ շահոյթներ կորզելու համար:
Նոյն հանդիպման ընթացքին, նոյն կուսակցութեան խորհրդարանի խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Մարտիրոսեան ներկայացուց պատահածին վերլուծումը՝ ըսելով, թէ միջազգային տնտեսկան ճգնաժամի առաջին շրջանին իսկ Կեդրոնական դրամատունը պէտք է դրամը թողէր ազատ եւ առիթ տար, որ տոլարին արժէքը քայլ առ քայլ բարձրանար: Իսկ ի տես Հայաստանի տնտեսութեան խուճապային ներկայ վիճակին, «Կենտրոնական բանկի նախագահը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի նման քաղաքականութեան համար», ըսաւ Ա. Մարտիրոսեան:
Ժառանգութիւն կուսակցութեան ներկայացուցիչները իշխանութիւնները դատապարտեցին տարբեր հանգամանքներու համար, իբրեւ թէ անոնք պայմաններ չեն ստեղծեր փոքր եւ միջին ձեռնարկութիւններու զարգացման համար, ճգնաժամի վերացման համար գործողութիւններու չեն ձեռնարկեր, քաղաքական բանտարկեալներ չեն արձակեր, օրէնքի գերակայութիւն չեն ապահովեր, ինչ որ, ըստ բանախօսներուն, կը խորացնէ նաեւ քաղաքական ճգնաժամը, որմէ միակ ելքը կրնայ հանդիսանալ արմատական իշխանափոխութիւնը: Առ այդ, «Ժառանգութիւն»ը պահանջած է իշխանութեան հրաժարականը: