ՊԷՅՐՈՒԹ, «Ազդակ».- Անցեալ Ուրբաթ երեկոյեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեան այցելեց Քըրայթեմ եւ տեսակցեցաւ «Մուսթաքպալ» հոսանքի նախագահ, երեսփոխան Սաատ Հարիրիի հետ։ Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ երեսփոխան Միշէլ Մըր։
Խորհրդակցութիւնները կը վերաբերէին Լիբանանի քաղաքական իրավիճակին եւ ընտրական ընդհանուր համայնապատկերին։
Նկատի ունենալով լիբանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներու հրապարակած տարբեր մեկնաբանութիւնները այս հանդիպումին մասին՝ «Ազդակ» օրաթերթը կապ հաստատեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Յովիկ Մխիթարեանի հետ, որ կատարեց հետեւեալ յստակացումները.
«Լիբանանեան լրատու կարգ մը գործակալութիւններու կողմէ ներկայացուած զանազան մեկնաբանութիւնները ծառայեցուած են քաղաքական շահարկումի։ Դաշնակցութեան պատասխանատուներու մօտ տարակարծութիւններ տեսնելու ճիգերը որեւէ արդիւնքի չեն կրնար յանգիլ։ Անցեալին ալ շատ եղած են նախընթաց փորձեր, որոնք մնացած են ապարդիւն։
«Ինչ կը վերաբերի «Մուսթաքպալ» հոսանքի նախագահ Սաատ Հարիրիի հետ հանդիպումին, յայտնեմ, որ հանդիպումը, որ մենք ուշացած կը նկատենք, կ’ողջունենք։ Այս հանդիպումը շատոնց պէտք էր տեղի ունենար։ Միշտ հաւատացողը եւ հետապնդողը եղած ենք, որ քաղաքական բոլոր կուսակցութիւններուն եւ ուժերուն միջեւ երկխօսութեան ճամբով մնայուն կապը հաստատ մնայ, որպէսզի զանազան հանգրուաններու տարակարծութիւնները կարելի ըլլայ հարթել։ Այս հանդիպումը իբրեւ երկար ժամանակէ ի վեր չկայացած հանդիպում եւ իբրեւ առաջինը դրական կը նկատենք։ Անկախ ընտրութիւններու արդիւնքներէն եւ կեցուածքներէն, կը յուսանք նաեւ, որ նման հանդիպումներ իրենց շարունակութիւնը կ’ունենան»։