ԵՐԵՒԱՆ.- Յայտնի գործարար Գագիկ Ծառուկեանի ղեկավարած Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը ճշդեց յառաջիկայ Մայիսին տեղի ունենալիք քաղաքապետական ընտրութիւններուն իր թեկնածուին անունը: Հայաստանի կառավարութեան մաս կազմող Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան քաղաքապետական թեկնածուն առողջապահութեան նախարար Յարութիւն Քուշքեանն է:
Կառավարութեան մաս կազմող միւս կուսակցութիւնը՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը, տակաւին չէ ճշդած իր թեկնածուն:
Նշենք, որ բոլոր կուսակցութիւնները պարտաւոր են իրենց աւագանիի թեկնածուներու ցուցակները ընտրական յանձնաժողովին յանձնել ամէնէն ուշը մինչեւ Մարտ 17:
Նաեւ նշենք, որ քաղաքապետական ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան միայն կուսակցական ցուցակներով: Առաւելագոյն քուէ ստացած կուսակցութեան ցուցակին գլուխը կանգնող թեկնածուն պիտի դառնայ մայրաքաղաքի քաղաքապետը:
Կառավարութեան անդամ այլ կուսակցութիւն՝ Օրինաց Երկիրը, եւս տակաւին չէ ճշդած իր թեկնածուն:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի գլխաւորած Հանրապետական կուսակցութիւնը ճշդած է իր թեկնածուն յանձինս նորանշանակ քաղաքապետ Գագիկ Բեգլարեանի: