ՎԻՆԷՆՏԷՆ, Գերմանիա, «Ռոյթըրզ».- Չորեքշաբթի, Մարտ 11ին, 17ամեայ զինեալ մը իր յաճախած նախկին վարժարանէն ներս մուտք գործելով՝ սպաննեց ինը աշակերտներ եւ երեք ուսուցիչներ, ապա ան ինքնաշարժ մը գողցաւ ու հալածուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ: Ոստիկաններ մօտաւորապէս 25 մղոն հեռու վայրի մը մէջ կրցան անկիւնել երիտասարդը՝ սպաննելով զայն: Հալածանքին ընթացքին տեղի ունեցած զինեալ ընդհարումներուն ընթացքին սպաննուեցան նաեւ երեք անցորդներ եւ ծանրօրէն վիրաւորուեցան երկու ոստիկաններ:
2002ին եւս Գերմանիոյ վարժարաններէն մէկուն մէջ, երիտասարդ զինեալ մը 16 հոգի սպաննելէ ետք անձնասպան եղած էր:
Այս միջադէպէն քանի մը հազար մղոն արեւմուտք գտնուող Ալապամայի մէջ, Երեքշաբթի յետմիջօրէին, լաւապէս զինուած այլ երիտասարդ մը իր տունը կրակի տալով՝ սպաննեց իր մայրը, ապա տարբեր վայրերու մէջ սպաննեց ինը ուրիշներ, ներառեալ՝ չորս հարազատներ եւ ապա ոստիկանութեան կողմէ պաշարուելով՝ անձնասպան եղաւ: