ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան յայտնած է, թէ իր կուսակցութիւնը վարչապետին հակաճգնաժամային ծրագիր մը ներկայացուցած է՝ լուծումներ առաջարկելով ֆինանսատնտեսական խնդիրներուն: Տիգրան Սարգսեան խոստացած է շուրջ 45 կէտերէ կազմուած այդ ծրագիրը յառաջիկայ օրերուն դաշնակցական խորհրդարանականներուն հետ քննարկել: