Եկեղեցին հոգեկրթիչ օրեր նշանակած է տարուան ընթացքին, իր հաւատացեալներու կեանքէն ներս զգալի փոփոխութիւն յառաջացնելու, եւ առօրեայէն դրական շեղում արձանագրելու յատուկ մտադրութեամբ: Պահեցողութեան օրերն են անոնք: Ամէն Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերու դրութենական պահեցողութենէն տարբեր, կան շաբաթապահքեր՝ կարեւոր տօներու սկիզբը յայտարարող, իբրեւ տուեալ տօնին հոգեպէս նախապատրաստուելու առիթ, եւ կայ քառասնօրեայ պահեցողութեան շրջանը, որ ամէնէն երկարն է՝ օրերու գումարով բաղդատած:
Մարդկային մարմինը, բժշկագիտական դիտանկիւնէ նայած, սովորութենական ծրար մըն է: Վարժութիւններով կ’առաջնորդուի անիկա, թէ՛ դէպի անկում եւ թէ դէպի առողջական բարձունք: Մարդու կեանքին ֆիզիքական եւ հոգեկան երկու թեւերը անքակտելիօրէն առնչուած են իրարու: Մէկուն առողջութիւնը՝ միւսին առողջութիւնն է, եւ փոխադարձաբար: Մոլութիւններու մէջ ինկած անձի մը հոգեկան ու բարոյական պատկերն ալ բնականաբար առողջ չի՛ կրնար ըլլալ: Նոյնպէս ալ, հոգեկան չարաշուք կացութիւններու մէջ եղող մարդու մը ֆիզիքական առողջութիւնը երկար չի՛ կրնար անվնաս մնալ ու տոկալ: Անպայման պիտի ազդուի անիկա եւ հիւծի, համաձայն այն տագնապներուն, որոնք կը կրծեն իր միտքն ու հոգին:
Իր հաւատացեալներու կեանքին համար, եկեղեցին «զգուշացման կանոն» նշանակած է, եւ «կարմիր գիծ»ով իրարմէ բաժնած ու ցուցակագրած է մարդկային կեանքի դրական եւ յոռի երեւոյթները՝ ուղղակի բառերուն հականիշները օգտագործելով իբրեւ վերնագիր այդ ցանկին: Անոնք կը կոչուին «առաքինութիւններ» եւ «մոլութիւններ»: Եօթը՝ մէկ խումբին մէջ, իսկ եօթը՝ հանդիպակաց կողմը: Անոնց առաջինն ու գլխաւորն է խոնարհութիւնը, որուն դիմաց բնականաբար դրուած է հականիշը՝ հպարտութիւնը:
Քրիստոնէական կեանքը, ձուլուած Քրիստոսի ապրած կեանքին օրինակով, խոնարհութեան կեանք մը պէտք է ըլլայ: Նախ, այն մեծ խոնարհութիւնը, զոր կատարեց Աստուածորդին՝ մեղաւոր մարդը փրկելու համար երկինքէն երկիր իջնելով, ինքնին նախընթաց չունեցող գերագոյն խոնարհութիւն մըն էր: Բաղդատական կրօնագիտութեան էջերուն մէջ կարելի չէ՛ հանդիպիլ նախաքրիստոնէական կամ յետ քրիստոնէական որեւէ կրօնի, որուն աստուածներէն մէկը կամ միւսը այս տարողութեամբ խոնարհութիւն «ստանձնած» ըլլայ, իրեն «հպատակ» մարդուն սիրոյն:
Երկրորդ, խաչի մահուամբ խոնարհութեան օրինակէն աւելի, Աստուած իր ստեղծած մարդը, վերստին իրեն նման անմահ դարձնելու ուղեգիծ կը ճշդէ փրկագործութեան խորհուրդով, որ իսկական խոնարհութեան կրկին օրինակ մըն է: Հին կրօններու պարագային «անմահական բաժակ»էն ըմպելու եւ վերապրելու առանձնաշնորհը քիչերու կը տրուէր, յատկապէս արքայական տոհմէ սերած դիւցազներու կամ տակաւին իրենց առաքելութիւնը չ’աւարտած, ու չար դիպուածով սպաննուած հերոսներու: Մինչ Քրիստոսով բաշխուող անմահութիւնը ամէնուն կը տրուի՝ հաւատքի պայմանով: Այս «անմահական բաժակ»էն ըմպող մարդը, միաժամանակ Աստուծոյ որդեգիր զաւակը կը դառնայ՝ ժառանգակից ըլլալով իր երկնաւոր Հօր անպատմելի հարստութեան:
Այս ճանապարհը սակայն, ունի իր խոչընդոտները, արգելքները, դժուարութիւնները: Այդ ճամբուն գետինը, «կայծքարերով սալարկուած է» եւ որուն վրայ աճած են «մուրտի փուշեր»: Առաջին եւ ամէնէն վտանգաւոր արգելքը, որ չ’արտօներ մեզի յառաջանալ այդ ճամբուն մէջ, եկեղեցւոյ հայրերուն կողմէ յիշուած առաջին մոլութիւնն է՝ պարագլուխը միւսներուն՝ որն է հպարտութիւնը:
Կենդանական աշխարհի կեանքը լաւապէս օգտագործուած է առակագրութեան մէջ, մարդկային կեանքի թերութիւնները մատնանշելու համար: Այնտեղ տրուած օրինակներէն մէկն է առիւծին հպարտութիւնը: Կենդանական աշխարհէն ներս, առիւծը ճանչցուած է իբրեւ թագաւորը անտառին: Կասկած պիտի չունենայինք իր այդ դիրքին, մինչեւ այն պահը, երբ կարդացինք այդ մասին առակ մը, ուր կը պատմուի թէ ինչպէս իր հպարտութեան զոհ գնաց կենդանիներու այդ փառահեղ արքան:
Արդարեւ, անտառին մէջ յաղթական իր շրջագայութեան պահուն, ան կը հանդիպի շողոքորթ աղուէսին, որուն կը հարցնէ, թէ ո՞վ է ամէնէն զօրաւորը այդ անտառին: Աղուէսը առանց տատամսելու եւ մէկդի դրած իր երկդիմի բոլոր մօտեցումները, անվարան կը յայտարարէ, թէ՝ թագաւորէն բացի ո՞վ կրնայ ըլլալ այնքան զօրաւոր ու անվախ: Եւ հերթով բազմաթիւ կենդանիներ խոնարհաբար կը դիմաւորեն իրենց արքան, ու միեւնոյն պատասխանը կու տան հարցուած հարցումին: Տրուած իւրաքանչիւր պատասխանին հետ սակայն, առիւծին թոքերը կը լեցուին անպարպելի հպարտութեամբ, եւ մռնչելով կը յոխորտայ, իր թաթի կշիռէն սարսափող եւ իրենց գոյութիւնը հազիւ պաշտպանող խեղճ կենդանիներուն վրայ:
Քիչ ետք իր դէմը կ’ելլէ փիղը, որուն եւ նոյն հարցումը տակաւին ամբողջութեամբ չի հարցուցած, առիւծը ինքզինք կը գտնէ զգայազիրկ, գետին փռուած: Որովհետեւ փիղը կանխելով ինքնահռչակ թագաւորին յոխորտանքը, իր կնճիթով փաթթուած էր առիւծին մէջքին, ու զօրաւոր հարուածով գետին զարկած զայն: Այսպիսով, անտառին թագաւորը հազիւ իր կեանքը փրկեց՝ քարշ տալով իր աջ թաթն ու աջ ոտքը մինչեւ ժայռի մը ծերպը, խոյս տալով այս անգամ փիղին կողմէ կոխկռտուելու ստոյգ վտանգէն…: Կ’արժէր լսել աջ ու ձախ ծուարած միւս կենդանիներուն քրքիջը, ի տես այս դաստիարակիչ տեսարանին, ու իրենց արքային պարտադիր «համեստացման» թատերական տխուր արարին:
Իր հպարտութեան զոհ գացած առիւծը օրինակ մըն է պարզապէս: Քրիստոնէութիւնը կ’ուսուցանէ խոնարհաբար նայիլ մեր սեփական կարողութիւններուն եւ հպարտանալ միայն Քրիստոսով: Պօղոս առաքեալ մեծ զարգացում ունեցող փարիսեցի մըն էր, Գամաղիէլ անունով մեծ ուսուցիչին ծունկերուն առջեւ իր ուսումը ստացած: Սակայն, ան իր պարծանքին առարկան դարձուց ո՛չ թէ իր գիտութիւնը ու զարգացումը, այլ՝ Յիսուսի խաչը, ուրիշ խօսքով, Անոր խոնարհութիւնը որդեգրեց իբրեւ իր կեանքի ուղեգիծ (Հմմտ Գղ 6 14): Այն խաչը, կամ զոհողութեան գերագոյն օրինակը, զոր յոյներ իր ապրած օրերուն յիմարութիւն կոչեցին, իսկ հրեաներ՝ տկարութիւն: Սակայն առաքեալը պատուէր տուաւ իր հետեւորդներուն, միայն Տիրոջմո՛վ հպարտանալ (Հմմտ Ա.Կր 1.31):
Քառասնօրեայ պահեցողութեան մարտահրաւէրներէն մէկն է հպարտութեան ախտին գէթ հաւասարակշռումը: