Հայկական Ցեղասպանութեան 94րդ տարելիցին ոգեկոչումներու ծիրէն ներս, Մաշտոց քոլէճը կազմակերպած է իւրայատուկ ցուցահանդէս մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ուրբաթ, Մայիս 8ին, երեկոյեան ժամը 6:30-9:30, Կլէնտէյլի Հանրային գրադարանի սրահին մէջ (222 E. Harvard):
Ցուցահանդէսին, առաջին անգամ ըլլալով պիտի ներկայացուի հանրածանօթ արուեստագիտուհի Յասմիկ Գլճեանի երկար տարիներու արգասիքը հանդիսացող խաչքարաձեւ հայկական տառերու տպաւորիչ հաւաքածոն: Իւրաքանչիւր տառ շքեղօրէն ներկայացուած է խաչքարերու կերպարով եւ ազգային խորհրդանիշներու գործածութեամբ: Մուտքը ազատ է: