ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Մայիս 6ին աշխատանքային այցով ժամանած է Շիրակի մարզ, Գիւմրի քաղաք: Վարչապետը տեղւոյն վրայ ծանօթացած է Մուշ եւ Անի թաղամասերու կառուցապատման աշխատանքներուն, որմէ ետք տեղի ունեցած է աշխատանքային խորհրդակցութիւն՝ ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի, փոխվարչապետ, տարածքային կառավարման նախարար Արմէն Գէորգեանի, մարզպետներու, համապատասխան նախարարութիւններու եւ գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ:
Խորհրդակցական այս հանդիպումին քննարկուած է աղէտի գօտիի բնակարանային շինարարութեան, ինչպէս նաեւ մարզերու եւ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան վարչական շրջաններու միջեւ համագործակցութեամբ իրականացուող աշխատանքներուն ընթացքը:
Քաղաքաշինութեան նախարարի տեղակալ, հանրապետութեան գլխաւոր ճարտարապետ Նարեկ Սարգսեան զեկուցած է, որ այս տարի նախատեսուած է աւարտին հասցնել Գիւմրիի մէջ 22 շէնքի, կամ 1320 բնակարանի, իսկ Լոռիի եւ Սպիտակի մէջ՝ շուրջ 900 բնակելի տուներու շինարարութիւնը:
Վարչապետը աղէտի գօտիի բնակարանային շինարարարութեան աշխատանքներու ընթացքը գնահատած է բաւարար:
«Կլէնտէյլ Հիլզ» փակ բաժնետիրական ընկերութեան տնօրէններու նախագահ Էդուարդ Մելիքեան տեղեկացուցած է, թէ նշեալ ընկերութեան կողմէ Մուշ եւ Անի թաղամասերու կառուցապատման համար ստեղծուած է շուրջ 300 աշխատատեղի, իսկ աշխատանքներուն ծաւալը ընդարձակելով՝ կը ծրագրուի աշխատատեղիներուն թիւը հասցնել 1500ի:
Քննարկումի առարկայ դարձած է նաեւ Հայաստանի մարզերուն եւ Արցախի վարչական շրջաններուն միջեւ համագործակցութեան ընթացքը, որուն համար ԼՂՀ վարչապետ Արա Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի ղեկավարութեան եւ մարզպետներուն, հաստատելով, որ առկայ համագործակցութիւնը մեծապէս կը նպաստէ ԼՂՀ տնտեսութեան զարգացման: