ՊԷՅՐՈՒԹ.- Կազմակերպութեամբ «Համազգային»ի Լիբանանի «Ռ. Զարդարեան» եւ «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղերուն, Չորեքշաբթի, 29 Ապրիլի երեկոյեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 94ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ ֆրանսահայ բեմադրիչ Սերժ Աւետիքեանի «Nous avons bu la mème eau» տեսաերիզի հայերէն տարբերակի ցուցադրութիւնը՝ ներկայութեամբ համազգայնականներու եւ ժողովրդային բազմութեան մը։
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց «Համազգային»ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Լատոյեան, որ նշեց, թէ այս ձեռնարկը կը միտի ներկաներուն փոխանցել Թուրքիոյ բարբարոս ու անմարդկային քաղաքականութեան շարունակականութիւնը։ Ապա ներկայացուց բեմադրիչը՝ խօսելով անոր վաւերագրական տեսաերիզին մասին:
Այնուհետեւ ներկաները դիտեցին շուրջ եօթանասուն վայրկեան տեւողութիւն ունեցող Սերժ Աւետիքեանի «Nous avons bu la mème eau» տեսաերիզը, որուն մէջ հեղինակը հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէ թուրք բնակիչներուն հետ՝ երեւան բերելով բազմաթիւ իրականութիւններ։
Ան իր հանդիպումներուն ընդմէջէն նաեւ կը յայտնաբերէ հայկական մշակութային եւ ճարտարապետական հարստութեան մնացորդները, որոնք այլեւայլ կարիքներու համար գործածութեան դրուած են։
Նշենք, որ Սերժ Աւետիքեանի ծնողները եղած են Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներ, որոնք 1947ին փոխադրուած են Հայաստան։ Ան ծնած է 1955ին, յաճախած է Երեւանի Ֆրանսական դպրոցը։ 15 տարեկանին Սերժ Աւետիքեան վերադարձած է Ֆրանսա, ուր ուսանելէ ետք Միւտոնի թատրոնի արուեստանոցին մէջ, կը ժամանէ Փարիզ 1971ին։ Ան 1988ին բազմաթիւ ժապաւէններու, պատկերասփիւռային ներկայացումներու ու թատրոններու մէջ դերեր ստանձնելէ ետք, կը հաստատէ իր անձնական ստեղծագործական հաստատութիւնը։