ԱԹԷՆՔ.- Յունաստանի ներքին գործոց նախարար Փրոքոփիս Փաւլոփուլոս Կիրակի 26 Ապրիլին ներկայ գտնուեցաւ «Աթիքոն» սրահին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 94ամեակի ոգեկոչման կեդրոնական քաղաքական ձեռնարկին, ուր ականատես եւ ականջալուր դարձաւ յունահայութեան կողմէ արտայայտուած բուռն դժգոհութեան՝ նախանցեալ շաբաթ կազմակերպուած բողոքի ցոյցին ընթացքին պատահած անկարգութիւններուն առնչութեամբ, եւ հրապարակաւ ներողութիւն խնդրեց՝ հելլէն ոստիկանութեան կողմէ ցուցաբերուած բիրտ կեցուածքին համար:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.