ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Ուրբաթ, 1 Մայիս 2009ի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս իր գրասենեակին մէջ ընդունեց սպանացի լրագրող Հոսէ Անթոնիօ Կուրիարանը: Բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ Հոսէ Կուրիարան ծանօթ լրագրող մըն է Եւրոպայի մէջ: Ան նաեւ մօտէն ծանօթ է հայ ժողովուրդի պատմութեան եւ յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան:
Ցեղասպանութեան ու հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն մասին ան գրած է երկու գիրք՝ «Լա Պոմպա» եւ «Արմենիոս Էլ Ճէնոսիտիօ Օլվիտատօ» («Ռումբը» եւ «Հայերը եւ մոռցուած ցեղասպանութիւն մը»): Ան յաճախակի առիթներով եղած է Հայաստան եւ Ղարաբաղ:
Հանդիպման ընթացքին բնականաբար արծարծուեցան Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ Ղարաբաղի հարցերը, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ՝ Եւրոպական միութեան անդամակցութեան խնդիրը: Վեհափառը կարեւորութեամբ շեշտեց մարդկային իրաւունքներու գծով եկեղեցւոյ դերակատարութիւնը եւ այդ ծիրին մէջ հայ եկեղեցւոյ յանձնառութիւնը՝ իբրեւ պաշտպան իր ժողովուրդի իրաւունքներուն: Սպանացի լրագրողը առիթը ունեցաւ նաեւ այցելելու Անթիլիասի Նահատակաց մատուռը եւ իր յարգանքը ընծայելու Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներու աճիւններուն առջեւ: